Հանճարեղ երգահան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին առիթով, Կիրակի, 10 Մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Ժան Այանեանի, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբին այս տարուան երրորդ եւ վերջին ելոյթը` ներկայութեամբ արուեստասէր եւ արուեստագէտ հասարակութեան եւ մասնակցութեամբ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցին: