Ճշմարտութիւն է, որ արուեստը հող ու հայրենիք չունի, կրնայ ծնունդ առնել
որեւէ աշխարհամասի վրայ, եւ ընդհանրապէս արուեստագէտի մը
ստեղծագործական կեանքին մէջ, նշանակութիւն ունին
ճանապարհորդութիւնները: Այսպէս, Թամարա Ստեփանեան քալեց ծանօթ թէ
օտար երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ եւ այդ միջոցով շատ բան տեսաւ,
վերյիշեց եւ ներշնչուեցաւ ու պատրաստեց իր ֆիլմերը:
Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2011-ի երկոյեան ժամը 8-ին Alliance Francaiseի
սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ֆիլմերու ցուցադրութեան երեկոյ, ներկայութեամբ Արժանապատիւ Տէր Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեանի,
պատուոյ հիւրեր՝ Թեմական եւ Ազգային մարմիններու մէջ գործող անդամներու,
Օհաննէսեան Միօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան, համազգայնականներու
եւ օտար արուեստասէր անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ սիրելի բեմադրիչ
Թամարա Ստեփանեանի:
Բացման խօսքով հայերէնով, հանդէս եկաւ Համազգայինի Մուշեղ Իշխան մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպրուհի Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան, իսկ Անգլերէն լեզուով՝ Սիւզի Գարաճեան, որոնք բարի գալստեան խօսք փոխանցելէ ետք ներկաներուն՝ անդրադարձան բեմադրիչի կենսագրական մանրամասնութիւններուն եւ իր ստեղծագործութիւններուն: Ապա հրաւիրուեցաւ երիտասարդ բեմադրիչ
Թամարան իր սրտի խօսքը փոխանցելու ներկաներուն:
Թամարան իր խօսքին մէջ յայտնեց իր ազնիւ զգացումները, որ այսօր ինք իր
տան մէջ կը գտնուի, թէ ինք մեծցած է Համազգայինի շունչով,
շնորհակալութիւն յայտնեց Վարչութեան, որ այս առիթը ստեղծեց հանդիպելու
ԱՄԷ հայ գաղութին ու բարեմաղթութիւն փոխանցեց բոլորին: Ակնարկելով
երկու ֆիլմերուն՝ «Փոքրիկ Քարեր» եւ «Փետրուար 19»-ին, անոնց
պատրաստութեան համար կատարուած փորձերուն եւ գործի յարուցած
դժուարութիններուն՝ ան խնդրեց ներկաներէն որ ֆիլմերուն չնային միայն
արհեստավարժ տեսանկիւնէն, այլ նաեւ նկատի առնեն անոնց զգացական կողմը:
Ներկաները իրենց մասնակցութիւնը բերին գնահատական խօսքերով ու
Արտայայտութիւններով, ոմանք՝ իրենց կարծիքներով:
Ձեռնարկի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց երիտասարդ
բեմադրիչ Թամարան՝ զայն պատուելու համար յուշանուէրով մը Մուշեղ
Իշխան Մասնաճիւղի Վարչութեան անունով:
Համազգայինի Մուշեղ Իշխան մասնաճիւղի Վարչութիւնը, իր առաքելութեան
հաւատարիմ ՝ պիտի շարունակէ իր մշակութային գործունէութիւնը
Էմիրութեանց մէջ , ի սպաս գաղութի հայութեան եւ հայ մշակոյթին: