
Համազգայինի Ուսանողական 21-րդ հաւաքը` «Ֆորում»ը, ծայր առաւ Երեւանի մէջ Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015-ի առաւօտեան, համախմբելով թիւով 35 երիտասարդներ, Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Միացեալ Արաբական էմիրութիւններէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն ու Աւստրալիայէն։
Բացումը կատարուեցաւ Եւրոպա պանդոկին մէջ. մասնակցողներու կողքին ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութենէն ընկերներ Սպարտակ Ղարաբաղցեան եւ Թամար Հաշողլեան, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Գալստեան, ապա հերթականութեամբ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Սպարտակ Ղարաբաղցեանն ու Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ Ֆորումի ընթացիկ տարուան վարիչներ՝ Արա Բարսեղեան եւ Թամար Տօնապետեան։
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, «Սփիւռքի պատմութիւնը» խորագրին տակ, Կարօ Յովհաննեէսեան սեղմ վայրկեաններու մէջ լիամփոփ ձեւով ներկայացուց Սփիւռքի պատմութիւնը առիթ տալով հարցումներու եւ զրոյցի։ Դասախօսութէնէն ետք, Ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի Պատմութեան թանգարան, ուր առիթը ունեցան ամփոփ տեղեկութիւններ ստանալու Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած հնագոյն իրերու մասին. հետաքրքրական էր մանաւանդ տեսնել վերջերս Արենիի մէջ յայտաբերուած հնագոյն կօշիկը, նաեւ շատ մը պատմական արժէք ներկայացնող իրեր։ Շարունակելով, երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Սասունցի Դաւիթի արձանը, ապա՝ Մայր Հայաստանի Յուշահամալիրը, ուր կը գտնուի Մայր Հայաստան քանդակը։ Գիշերը ընկերային ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ բարի գալուստի ընթրիքի սեղաններուն շուրջ. կենացներուն յաջորդեցին պարն ու երգը, որուն մասնակցեցան բոլորը, եւ առաջին օրէն իսկ տաղանդները յայտնաբերուելու սկսան։