Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի 4-րդ օրը սկսաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցով։ Ապա խումբը մեկնեցաւ դէպի Էջմիածին եւ այցելեց Մայր տաճարն ու կողքի թանգարանը։
«Հայ Միասնութեան Խաչ» բարեգործական-մշակութային հասարակական կազմակերպութեան մօտ կայացաւ կէսօրուան ճաշը, որմէ ետք ֆորումականները ծանօթացան կաւագործութեան արուեստին, եւ իւրաքանչիւրը առիթը ունեցաւ կաւով ձեռային աշխատանք մը պատրաստելու։ Յատկանշական էր Ֆորումականներու տաղանդներու յայտնաբերումը զանազան նուագարաններով նուագելու մէջ։
Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ, խումբը այցելեց Ս. Գայեանէ եկեղեցին եւ կողքի գերեզմանատունը, ուր թաղուած են Րաֆֆիի Խենթը՝ Սամսոն Տէր Պօղոսեան եւ երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանը։
Ընթրիքը կայացաւ Ոսկան բացօթեայ ճաշարանին մէջ, որմէ ետք Օփերայի շրջակայքը պտոյտ մը կատարելէ ետք Փափարազի գիշերային ակումբին մէջ անցուցինք ուրախ ժամեր։