Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի 5-րդ օրը սկսաւ Սեւանավանք եւ Սեւանայ լիճի պաղ ջուրերը այցելութեամբ։ Հազարամեայ վանքին ծանօթանալէ ետք, նաւով պտոյտ մը կատարեցինք Սեւանի մէջ. ոմանք լողացին եւ ճէթ սքիով վայելեցին այդ գեղեցիկ տեսարանը։
Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի Դիլիջան, եւ Քարահունջ նորաբաց ճաշարանին մէջ մեր խումբի տղաքը պատրաստեցին հայկական համով խորովածը ու միասնաբար ճաշակեցին։
Մեր յաջորդ կանգառը Հաղարծին վանքի համալիրն էր, ուր տեսանք ԺԱ.-ԺԳ. դարերուն կառուցուած եկեղեցիները, արեւու ժամացոյցը եւ այն ծառը, որուն մէջէն եթէ անցնիս եւ փափաք մը ունենաս մուրազդ կ'իրականանայ՝ ըստ աւանդութեան։
Երեւան վերադարձին այցելեցինք Birthright Armenia հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնը, որուն տնօրէն Սեւան Գապաքեանէն բացատրութիւններ ստացանք այս կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։
Պարսամ հիւրանոցին մէջ ընթրելէ ետք վայելեցինք Երեւանի գիշերային հաճելի ժամերը։