Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի չորրորդ օրուան ընթացքին, մասնակցողները ապրեցան յուզմունքի եւ հպարտութեան պահեր։ Առաջին հանգրուանը եղաւ Չարենցի Կամարը. Արարատը թաքուն դիտեց բոլորը, իսկ ֆորումականները, Չարենցի տողերէն ներշնչուած ասմունքեցին «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ն։ Ագաբելլա քառեակի մը ներկայութենէն օգտուելով, Կոմիտասէն ու Սայաթ Նովայէն երգեր ունկնդրելէ ետք, քառեակն ու ֆորումականները միասնաբար երգեցին «Գովք Հայաստանի»ն (Ես իմ անոյշ Հայաստանի)։
Շարունակելով դէպի Գառնի, ու ճանապարհին Գառնիի մասին հակիրճ բացատրականներէ ետք, ֆորումականները առիթ ունեցան վայելելու Գառնիի Տաճարի համալիրը, որմէ ետք հասան Գեղարդ։ Գեղարդի մէջ, տեղւոյն տուտուկահարներն ու տհոլ նուագողը հնչեցուցին Սասնայ Եարխուշտան. ու ծայր առաւ պարը, Գոհարն ու Անահիտը այնքան հարազատ կերպով ներկայացուցին պարը, առնական պար ըլլալով հանդերձ։ Ապա, ֆորումականները առիթը ունեցան ունկնդրելու Գեղարդավանքի համալիրին պատմականը, տեսնելու այն խուցը, ուր մեր պատմութեան համաձայն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճգնած է ամիսներով, նաեւ ունկնդրելու «Ուր ես Մայր իմ» շարականը, որ Գեղարդավանքին, երեղեցւոյ ու գմբէթին հրաշալի կառոյցին իբրեւ արդիւնք երկնային զօրութեամբ ու բիւրեղութեամբ հնչեց բոլորին ունկերուն մէջ։ Առաջնորդող հոգեւորականին աղօթքներէն ու օրհնութիւններէն ետք, խումբ մը երիտասարդներ, ներշնչուած մթնոլորտէն, հոգեւորականին մեկնումէն ետք, ինքնաբուխ կերպով երգեցին «Տէր Ողորմեա՜»ն. այնքան հարազատ ու յուզիչ էր պահը, արցունքները հոսեցան երկար։
Գեղարդէն վերադարձին, հանրակառքին մէջ ֆորումականներէն Լոռին, Կասիան, Երուանդն ու Հրայրը մէջտեղ հանեցին իրենց երաժշտական գործիքները՝ շուին, սրինգն ու կիթառը, ու ժողովրդական, ազգային ու յեղափոխական երգերու շարան մըն էր, որ ծայր առաւ անընդհատ մինչ հասանք Երեւան։
Ճաշի դադարէն ետք,Կարօ Յովհաննէսեան վարեց խիստ հետաքրքրական զրոյց մը, «Ո՞վ է հայը» թեմայով. ուշագրաւ էր լսել զանազան ու երբեմն իրարու հակազդող կարծիքները այս նիւթին շուրջ. բարդ հարցում մը, որ մաս կը կազմէ մեր բարդ իրականութեան։ Զրոյցի որոշ հատուածին ընթացքին ներկայ էր նաեւ «Երկիր Միտիա»ն, որուն անձնակազմի անդամը հակիրճ հարցազրոյց մը ունեցաւ այս տարուան Հաւաքի վարիչներէն՝ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի հետ։
Զրոյցին յաջորդեց այցելութիւն՝ Ջիվանիի անուան երաժշտանոցը, ուր խումբը լրիւ մէկ ժամ առիթ ունեցաւ լսելու աշուղական արուեստի մասնագէտ, Հ.Հ. Վաստակաւոր Արտիստ կոչումին արժանացած Թովմաս Պօղոսեանի բացատրականներն ու Սայաթ Նովա աշուղական խումբի հրաշալի մեկնաբանութիւնները, որոնք ծայր առին Սայաթ Նովայի «Քամանչա»ով ու վերջ գտան ազգային երգով՝ աշուղ Ֆահրատի «հայ զինուորի սկզբունքը», որ բոլորիս ծանօթ է իբրեւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»։ Ֆորումականները մթնոլորտէն մեծապէս խանդավառուած շարունակեցին երեկոն ընթրիքի սեղանին շուրջ ու անկէ ետք։
Յիշատակելի օր մըն էր բոլորին համար։