
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին վեցերորդ օրը ծայր առաւ այցելութեամբ դէպի Էջմիածին. առաջին հանգրուանը Սուրբ Հռիփսիմէի տաճարն էր. չհասած, ֆորումականներէն Զապէլը, որ բնիկ Էջմիածինէն է, հետաքրքրական տեղեկութիւններ բաժնեց Գայեանէ եւ Հռիփսիմէ կոյսերուն կրած չարչարանքին եւ վախճանին մասին, ապա ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճար, ուր շրջափակին մէջ ու տաճարին ներսը պտըտելէ եւ աղօթելէ ետք, տեղւոյն թանգարանի վերակացուներէն մին սիրայօժար բացատրութիւններ տուաւ հոն պահուած կրօնական իրերուն մասին, որոնց մէջ էին Յիսուսի կողը մխրճուած գեղարդը եւ այլ կրօնական արժէք ներկայացնող իրեր։ Միաժամանակ, Ֆորումականներէն Բալիկ Առաքելեանը, Յարութ Հարպոյեանը, Նանոր Քուպէլեանն ու Գոհար Տատոյեանը, նաեւ, յանձնախումբէն Մենար Պոյաճեանը Ֆորումի մասին իրենց զգացումներն ու կարծիքները բաժնեցին Վանայ Ձայնի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Յաջորդ հանգրուանը Սուրբ Գայեանէ Տաճարն էր, որմէ ետք ճաշի սպասարկութիւնը տեղի ունեցաւ Էջմիածնի մէջ, «Միասնութեան Խաչ» համալիրին մէջ. բոլորը մեծ հաճոյքով ճաշակեցին համադամ ճաշերը եւ մանաւանդ շուրջը տիրող հայկական մտերմիկ եւ իւրայատուկ մթնոլորտը։
Հակիրճ դադարէ մը ետք, Կարօ Յովհաննէսեան վարեց «Ո՞վ է ղեկավարը» խորագիրը կրող զրոյցը. նիւթ մը, որուն շուրջ ֆորումականները աշխուժօրէն արտայայտուեցան, իսկ ընկ. Կարօ սահիկներու միջոցով ծանրացաւ ինը յատկանիշներու վրայ, որոնց շուրջ տուաւ բացատրականներ, բազմաթիւ օրինակներ բերելով համաշխարհային հաստատութիւններէն ու դէմքերէն։
Զրոյցին յաջորդեց օրեր առաջ ծայր առաջ աշխատանոցներուն երկրորդ նիստը իսկ յետոյ, ժամը հասաւ յայտագիրին մէջ ներմուծուած թատերական ներկայացումի մը՝ «Փրկութեան կղզի», ներկայացումը՝ Սօս Սարգսեանի անուան «Համազգային Պետական Թատրոն»ի դերակատարներուն։ Ընթրիքի վայրը Այնթապ ճաշարանն էր, իսկ անկէ ետք ֆորումականները համախմբուած հաճելի գիշեր մը անցուցին։