Ֆորում
16 Յուլիսի առաւօտեան, Ֆորումի մասնակիցները ժամանեցին Արցախի Ազգային Ժողով, ուր տեսակցութիւն մը ունեցան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի հետ։ Ապա անոնք մեկնեցան դէպի Շուշի, ուր նախ արշաւեցին դէպի Յունոտի կիրճը, ապա այցելեցին Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին։
Վերադարձի ճամբուն վրայ, մասնակիցները այցելեցին Շուշիի բերդը եւ Արցախեան ազատագրական պայքարէն մնացած նշանաւոր հրասայլը։
Երեկոյեան, անոնք մտերմիկ երեկոյ մը անցուցին պանդոկէն ներս։
