
Ֆորումի 2-րդ օրուան շրջապտոյտը կ'ընդգրկէր տարբեր եւ հետաքրքրական վայրեր։ Ծրագիրը սկիզբ առաւ Սաղմոսավանքէն՝ ութ դարու պատմութիւն ունեցող եկեղեցիէն։ Մեզի կ'ընկերակցէր Փրոֆեսոր Աշոտ Գրիգորեան, որ փոխանցեց հայ ճարտարապետութեան պատմութենէն եւ ի մասնաւորի այս եկեղեցւոյ պատմութենէն ուշագրաւ տեղեկութիւններ, ապա խումբս ուղղուեցաւ տառերու պուրակ, ուր իւրաքանչիւր մասնակից,–սովորաբար,– նկար մը առաւ իր անուան առաջին տառին քով։
Մեր յաջորդ ժամադրավայրը Արագած լեռն էր, իր քարէ լիճով եւ սքանչելի բնութեամբ։ Մասնակիցները Արագածի լանջին դաշտագնացութիւն մը կատարեցին։ Իսկ վերադարձի ճամբուն այցելեցինք Ամբերդը եւ այնտեղ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ Բագրատունեաց հարստութեան մաս կը կազմէ։ Այստեղ եւս մեզի կ'ընկերակցէր Փրոֆեսոր Աշոտ Գրիգորեան։ Ան ներկայացուց բերդի ռազմավարական դիրքը, որուն շնորհիւ բերդը կանգուն կը մնայ մինչ օրս։ Ի վերջոյ խումբս ներկայ գտնուեցաւ Առէն Էմիրսեանի համերգին, ուր ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ օրը լաւագոյն ձեւով հասաւ իր աւարտին։