
Ուսանողական Հաւաքի 10-րդ օրը այցելեցինք Օշական՝ Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը եւ Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին։ Նախ լսեցինք հայոց գիրերու գիւտին մասին դասախօսութիւն՝ տեղւոյն Արման Սարկաւագի կողմէ։ Ապա մեր յարգանքի տուրքը մատուցեցինք Մեսրոպ Մաշտոցին, այցելելով անոր գերեզմանը, եւ վերջապէս եկեղեցւոյ բակին մէջ հայոց գիրերով շինուած հմայիչ քանդակներուն քով նկարուեցանք։
Յաջորդաբար այցելեցինք Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցին, որուն բակին մէջ տեսանք Գէորգ Էմինի գերեզմանը եւ մեր ականջներուն մէջ հնչեց « եւ Սասունը նորից պարեց» Էմինի բանաստեղծութիւնը։
Կէսօրին ճաշեցինք Փասքալ Տիօտաթօ ճաշարանին մէջ եւ վերադարձանք Երեւան։
Երեկոյեան ներկայ գտնուեցանք Երեւանի օփերայի մէջ երգի ու պարի պետական անսամպլի գեղեցիկ ելոյթին։
Ուշ ժամերուն ուղղուեցանք Sky 44 գիշերային ակումբը, ուր ուրախ ժամեր անցընելէ ետք վերադարձանք պանդոկ։