Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի (ֆորում) երկրորդ օրուան թեման հայ ճարտապետութիւնն էր։ Օրուան ընթացքին մասնակցողներուն ընկերացաւ հայ ճարտարապետութեան հանրայայտ մասնագէտներէն՝ Դաւիթ Քերթմէնճեան։
Սաղմոսավանքի շուրջ, Քերթմէնճեան բացատրութիւններ տուաւ տարածաշրջանին եւ Սաղմոսավանքը իբրեւ օրինակ բերելով, հայ ճարտարապետութեան զանազան ժամանակաշրջաններուն, խաչքարերու եւ արձանագրութիւններու մասին։
Դէպի Արագած պտոյտը մեր առջեւ պարզեց հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկութիւնը. Արագած լերան լանջին, Քարէ լիճին շուրջ բնութեան մէջ ճաշելէ ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Ամբերդ. միջնաբերդին շուրջն ու գագաթը իրենց ժամանակը անցընելէ ետք, սեղմ վայրկեաններու մէջ Քերթմէնճեան բացատրութիւններ տուաւ Ամբերդի կառուցման եւ տարածքը գտնուող եկեղեցւոյ մասին։
Ընթրիքէն ետք, ֆորումի մասնակիցները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը եւ տօնեցին մասնակիցներէն մէկուն ծննդեան տարեդարձը։