Սուրբ Մեսրոպն ու իր աշակերտը՝ Կորիւնը, դիմաւորեցին Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի մասնակցողները կամ` «ֆուրումական»ները, Հաւաքին ութերորդ օրը, հանրային Մատենադարանի մուտքին։ Ներսը, շահեկան բացատրութիւններ ստացան բոլորը՝ Մատենադարանին մէջ տեղադրուած մեր հրաշալի գանձերուն՝ մատեաններուն մասին. ձեռագիր թէ տպագիր, փոքր թէ մեծ, կովու կաշիի վրայ թէ թուղթի, գունաւոր թէ ոչ, մեր մշակոյթը հարուստ է իր մատեաններով ու իւրաքանչիւրի ետին կայ պատմութիւն մը, որուն մասին եթէ տեղեկանանք, մեր առջեւ կը պարզուի հայոց պատմութիւնը։ Մէկ բան յստակ է. որքան սորվինք ու լսենք այնքան աւելի սորվելիք ունինք։
Ֆորումականներէն Սարինը, Մարիամը, Անդօն ու Զապէլը հարցազրոյցներ ունեցան «Երկիր Միտիա»ի հետ, իսկ անդին խմբակներ կազմած այլ ֆորումականներ կը հետեւէին տրուած բացատրութիւններուն։ Մատենադարանի ներքնայարկը ցուցադրուած էր հռչակաւոր գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի գործերէն կոկիկ հաւաքածոյ մը։
Մատենադարանէն մեկնելով, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը. տպաւորիչ էին մուտքի աստիճանները, ուր իւրաքանչիւրին վրայ զետեղուած էին փոքրիկներու հնամաշ կօշիկներ, ու անգլերէնով՝ տեղեկատուական գրութիւններ՝ ջարդէն ազատած հայ որբերու մասին… ինչո՞ւ. որովհետեւ Թումանեան եղած է ոչ միայն «Ամենայն հայոց բանաստեղծ», կոչում մը, զոր ինքնիրեն տուած է եւ որուն պատմութիւնը թէ ցաւալի է թէ հետաքրքրաշաժ, այլ՝ եղած է հայ որբերու խնամատարութեան համար, հայ ազգի ապահովութեան համար պայքարող ուժ։ Շահեկան բացատրականներէ ու իր գործերէն կարճ ֆիլմ մը դիտելէ ետք, ֆորումականները պտըտեցան սենեակները, տեղեկացան Թիֆլիսի իր հռչակաւոր «վերնատուն»ին մասին, ուր կը հաւաքուէին շատ մը գրողներ ու հասարակական գործիչներ, ինչպէս իր մօտիկ բարեկամներէն՝ Ղազարոս Աղայեան։ Իրողութիւն մը, որ նեղացուց բոլորը այն է, թէ Թումանեան ընտանիքէն այսօր շառաւիղներ չկան։
Ճաշի դադարէն ետք, շատերը այցելեցին «վերնիսաժ»։ Յաջորդեց հայ գեղանկարչութեան մասին տպաւորիչ դասախօսութիւն մը, Դոկտ. Սաթենիկ Չուքասզեանի կողմէ. ան կեդրոնացաւ 19-20-րդ դարու հայ գեղանկարիչներուն ու իրենց գործերուն վրայ - Յովնաթան ընտանիքի անդամներէն, Այվազովսկի, Սուրէնեանց… ու շատեր։ Ապա ժամը հասաւ «Կրանտ Սփորթ» երթալու. հոն տեղի ունեցաւ basketball-ի կամ կողովագնդակի մրցոյթ, Համազգայինի Ֆորումականներու ու Կրանտ Սփորթի երկսեռ խումբերուն միջեւ։ Բարոյական յաղթանակը Համազգայինինն էր. տեղւոյն համալիրը պտըտելէ ու հոն ընթրելէ ետք, յայտագիրը հասաւ իր աւարտին ու շատեր, օգտուելով Ձմերուկի փառատօնէն, ուղղուեցան դէպի Կարապի լիճ։ Դարձեալ, հաճելի ու այլազանութեամբ ողողուն օր մը՝ Համազգայինի ֆորումի աշխարհին մէջ։