Երկուշաբթի, 18 Յուլիս 2016-ին, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Երեւանի Պետական Համալսարան, ուր ընդհանուր նախագահ ու պատմաբան՝ Դոկտ. Արամ Սիմոնեան ֆորումականներուն ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց Համալսարանին ու անոր ծրագիրներուն մասին
Խօսք առին նաեւ Դոկտ. Լիլիթ Գալստեան, որ յիշեցուց ներկաներուն Համազգայինի յառաջացուցած հայերէնի ուսուցիչներ, կրթական մշակներ պատրաստելու մագիստրոսի ծրագիրին մասին ու Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որ Համազգայինի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանին։
Այս հանդիպման յաջորդեց այցելութիւն՝ Ջիվանիի անուան աշուղական դպրոցը, ուր խումբը առիթ ունեցաւ լսելու աշուղական արուեստի մասնագէտ, Հ.Հ. Վաստակաւոր Արտիստ կոչումին արժանացած «Սայաթ-Նովա» մշակութային միութեան եւ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցի ղեկավար Թովմաս Պօղոսեանի բացատրականներն ու «Սայաթ Նովա» աշուղական խումբի հրաշալի մեկնաբանութիւնները։
Երեկոյեան խումբը ընթրեց «Այնթապ» ճաշարանէն ներս, որմէ ետք բոլորը միասին ուղղուեցան դէպի Հանրապետութեան Հրապարակ եւ ընկերային խաղերով լեցուն հաճելի երեկոյ մը անցուցին։