
Համազգայինի 20-րդ Ֆորումի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 19 Յուլիս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ներկայութեամբ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի, Ֆորումի երկար տարիներու դասախօս եւ դաստիարակչական բաժինի պատասխանատու Հրանդ Մարգարեանի, ինչպէս նաեւ Համազգայինականներու եւ Համազգայինի բարեկամներու:
Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Համազգայինի հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի ծագումը, ամբողջ աշխարհի մէջ անոր տարածումն ու գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, ապա` Ֆորումի պատմականը: Ան ըսաւ, թէ Կեդրոնական Վարչութիւնը 20 տարիներ առաջ երիտասարդական ուսանողական հաւաքը (ֆորում) ստեղծելու գաղափարը յղացած է, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ֆորումը հայրենիքի մէջ կազմակերպելու կարեւորութեան:
Ապա, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան անդրադարձաւ ֆորումի ծրագրի կարեւորութեան եւ անոր հայրենիքի մէջ կազմակերպուելուն անհրաժեշտութեան:
Ֆորումականներուն բարի գալուստ մաղթեց նաեւ Ֆորումի դաստիարակչական բաժնի վերահսկող անդամ Հրանդ Մարգարեան, որ շեշտը դրաւ ֆորումի ոգիին եւ հայկական շունչին վրայ, ըսելով, թէ իւրաքանչիւր ֆորումական Հայաստանէն տուն պիտի մեկնի ա՛լ աւելի հայացած եւ իր շրջապատը ուղղէ դէպի հայրենիք:
2014-ի Ֆորումի ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեան ամփոփ կերպով խօսեցաւ Ֆորումի յաջողութեան գլխաւոր բանալիին` կարգապահութեան ու օրէնքներու յարգումին մասին: Ան խնդրեց բոլորէն ճշդապահ ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականացնել ու փոխանցեց կեցութեան վերաբերող անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ընթացքին եւ յանձնախումբերու աշխատանքներուն մասին մանրամասնութիւններ:
11 շրջաններէ` Հայաստանէն, Արցախէն, Թիֆլիսէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն եւ Պրազիլէն ժամանած հայ ուսանողները իրենք զիրենք ներկայացուցին եւ իրարու ծանօթացման առաջին փուլէն ետք ճաշեցին, բարձրացան փոխադրակառք եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ այցելեցին Երեւանի պատմութեան թանգարան, Սասունցի Դաւիթի արձանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Մայր Հայաստան յուշարձան: Իւրաքանչիւր վայրի մասին հաճելի եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան:
Յոգնութեան եւ անքնութեան դիմադրելով ֆորումականները պատրաստուեցան ու մեկնեցան «Երեւանեան Գիշերներ» ճաշարան, ուր շարունակուեցաւ արդէն իսկ սկսած ընկերական մթնոլորտի ամրապնդումը: