
Արդէն իսկ Համազգայինի Ուսանողական Մշակութային 21-րդ Հաւաքին (ֆորում) առաջին կէսը իր աւարտին հասած է. սերտ են յարաբերութիւնները ուսանողներուն միջեւ ու կասկածէ վեր է թէ բաժանումը պիտի ըլլայ շատ դժուար։ Հոգեպարար օր մըն էր բոլորին համար Հաւաքին իններորդ օրը։
Հանրակառքը կանգ առաւ ծաղկավաճառի մը առջեւ ու կապոցներով ճերմակ ծաղիկներու փունջեր, նաեւ գունաւոր ծաղիկներու փունջ մը գնելէ ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդ։ Պայծառ օր մըն էր ու Արարատը՝ դէմքը կիսով բաց, կը հսկէր բոլորին։ Ոմանց համար առաջին այցելութիւնն էր. իւրաքանչիւրը ծաղիկ մը զետեղեց անմար կրակին շուրջ ու բոլորը ոտքի մնացին երկար, անշշուկ, մինչ «Սուրբերու աչքեր»ը կը հսկէին։ Երկար վայրկեաններ խումբը մնաց այդ դիրքին վրայ… լուռ ու անշշուկ, կարծէք լրիւ տարբեր աշխարհի մէջ մտած ըլլար։
Վերանորոգուած թանգարանին մէջ, տեղւոյն անձնակազմէն՝ Անժելան, մօտ 45 վայրկեաններու մէջ խումբը առաջնորդեց եւ շահեկան բացատրութիւններ տուաւ հայ ժողովուրդին կրած անարդարութեանց ու տառապանքին մասին, Օսմանեան կայսրութենէն, Համիտեան ջարդերէն, Մեծ Եղեռնի օրերէն, Անթուրայի, Ժպէյլի ու այլ վայրերու մէջ ապաստանած հայ որբերու ցաւալի ճակատագրէն, տանջուած հայ պատանիներու ու երիտասարդներու կեանքէն… ու վերջապէս՝ թէ ինչ գրեցին թերթերը այդ օրերուն…։ Բոլորին յուզմունքը բացայայտ էր. բոլորը իրենց սրտերուն մէջ նահատակ մը կրելով մեկնեցան դէպի Եռաբլուր. հոն, Արցախեան պատերազմի ազատամարտիկներէն Արպէլթը դիմաւորեց մեզ ու «վէրքերով լի»ն հնչեց… «Լիզպոնի Հինգ»ին յիշատակը անմահացուցին դարձեալ ուսանողները.. եւս Մհերի ու Վիգէնի, Թաթուլի ու Արմէնի, որ անցեալ տարի իր կեանքը տուաւ ընկերները փրկելու համար, ու Մոնթէի…։ Անգամ մը եւս բացայայտուեցաւ հայ ազգի արիութիւնն ու արժանապատուութեան, ազգային հպարտութեան զգացումը։
Եռաբլուրէն յետոյ Ճաշը՝ Safran ու ապա, Skype-ի միջոցով, Ֆրանսայէն Յարութը, Վրաստանէն Աննան, Սուրիայէն Լոռին եւ վարիչներէն՝ Գանատայէն Թամարը միացան Պէյրութի ընկերներուն, հոն տեղի ունեցող հանդիսութեան ընթացքին ու բաժնեցին իրենց տպաւորութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին այն բոլորին, որոնց շնորհիւ Համազգայինի Ուսանողական Մշակութային Հաւաքը ծայր առած էր ու կը շարունակուէր մինչ օրս։
Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի պարի անսամբլի հոյակապ ներկայացումին ներկայ գտնուելէ ու հայ պարարուեստով ու երգարուեստով լիցքաւորուելէ ետք, Երեւանի եռուն փողոցներէն անցնելով ֆորումականները հասան Pizza Hut, ու ընթրելէ ետք ընկերային մթնոլորտը շարունակուեցաւ։ Հպարտութեան ու վերապրումի զգացումներով ողողուած հրաշալի օր մըն էր բոլորին համար։