
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի հինգերորդ օրուան ընթացքին, մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Հայաստանի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն՝ Դիլիջան։
Ճանապարհին երիպտացորենի կրպակի մը մօտ բնութեան մէջ հանգստանալէ ետք, կանաչութեամբ պատուած լեռներն ու դաշտերը իրենց ուղեկից, ֆորումականները շարունակեցին դէպի Դիլիջան։ Հոն հակիրճ դադարէ եւ շրջապտոյտէ մը ետք, շարունակեցին դէպի Հաղարծին։ Տեղւոյն Հայր Սուրբը՝ Հայր Սամուէլ, հակիրճ բացատրական մը տուաւ շուրջի եկեղեցիներուն մասին։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին բացատրութիւնները. այլ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողներու կողքին, հոն կը գտնուին Գագիկ եւ Սմբատ Բագրատունիներու դամբարանները, «Խորհուրդ Խորին» շարականի հեղինակ Խաչատուր Տարօնեցիի դամբարանը եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, ուր հեղինակը գրեց նոյնինքն շարականը։
Սեւանի «Աշոտ Երկաթ» ճաշարանին մէջ ճաշելէ ետք, երիտասարդները բարձրացան դէպի Սուրբ Կարապետ վանքը, ապա ուղղուեցան դէպի լողափ։
Երեկոն շարունակուեցաւ Երեւանի մէջ։
Պանդոկ վերադարձին, երկու ժամէն աւելի տեւող պահուան մը ընթացքին, ֆորումականներէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր գաղութը եւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Երեկոյեան, ֆորումականները ընթրեցին «Chez Vicken» ճաշարանէն ներս, որմէ ետք հաճելի մթնոլորտ մը անցուցին Երեւանի գիշերային ակումբներէն մէկուն մէջ։