Տարի մը եւս, ՀԱՍԳ ճեմարանը իր հիւրընկալ դռները բացաւ ներկայ եւ նորեկ աշակերտներուն առաջ: Հինգշաբթի 29 Յունուարի առաւօտեան ՀԱՍԳ Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ճեմարանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ գաղութիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աղան Սրբազան Արք. Պալիօզեանին, ներկայութեամբ Աւստրալիոյ Համազգային Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին եւ ՀԱՍԳ ճեմարանի խնամակալ մարմնի անդամներուն:
Հանդիսութիւնը վարեցին երկրորդական բաժնի պետեր Տաննա Մանուկեան եւ Դրօ Վարդուկեան: Խօսք առաւ տնօրէն Պրն. Քայլար Միքայէլեան եւ բարի գալուստ ու յաջող վերադարձ մաղթեց աշակերտութեան: Պրն. տնօրէնը Բարձր գնահատեց 2008 տարեշրջանի 12-րդ կարգի աշակերտութեան արձանագրած արդիւնքները եւ առաւել յաջողութիւններ մաղթեց անոնց: Հանդիսութեան ընթացքին 2008 տարեշրջանի 10-րդ կարգի աշակերտները ստացան իրենց պետական քննութիւններու աւարտական վկայականները:
Գերաշնորհ Սրբազան հայրը ինչպէս միշտ կրկին անգամ իր հայրական պատգամը եւ խրատականը փոխանցեց աշակերտութեան, նշելով ուսման եւ կրթութեան կարեւորութիւնը անհատի կեանքին մէջ, իր կարգին գնահատեց եւ շնորհաւորեց վարժարանի կազմը իր տարած տքնաջան աշխատանքին համար, վեր բռնեց ծնողներու եւ ուսուցիչներու զոհողութիւններն ու նուիրումը ու հրաւիրեց աշակերտները ուսման եւ գիտութեան զէնքերով զինուելու՝ դառնալու արժանաւոր Աւստրալահայ քաղաքացիները այս երկրին:
Պահպանիչով, յաջողութեան եւ յարատեւ վերելքի մաղթանքներով Սրբազան Հայրը փակեց պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Աւելի ուշ հիւրերը առաջնորդութեամբ տնօրէն. Պրն. Միքայէլեանին ուղղուեցան դէպի Մանկապարտէզի դասարանը, ուր նորեկ աշակերտները եւ իրենց ծնողները դպրոցական կեանքի առաջին օրուան հաճելի պահերը կը վայելէին: Հոն եւս Սրբազան հայրը իր դիւրահաղորդ եւ կատակասէր ոճով խօսեցաւ փոքրերուն եւ լաւագոյնս մաղթեց գալիք դպրոցական տարուան համար:
Բարի տարեմուտ եւ յաջող ուսումնական տարեշրջան ՀԱՍԳ ճեմարանի կազմին եւ աշակերտներուն:
Նորա Սեւակեան