
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի (ֆորում) յայտագիրը հետզհետէ իր աւարտին կը մօտենայ։ Բացայայտ է, թէ որքան սերտացած են կապերը. այլեւս չկայ Աւստրալիոյ խումբը, Հայաստանի խումբը, Գանատայի խումբը եւայլն… կայ մէկ խումբ, համազգայինի ֆորումականներու խումբը։ Ահաւասիկ հասած է արդէն Երեւանի մէջ յայտագիրին վերջին օրը. դէպի Արցախ մեկնումի պատրաստութիւնը սկսած է, բոլորը խանդավառ են, սակայն բոլորին մտքին մէջ նոյն հարցումն է.- ի՞նչպէս բաժնուիլ։
Կէսօրին, խումբը այցելեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, ուր ուսանողները առիթ ունեցան լսելու տեղւոյն գրադարանին մասին, Համալսարանի առաւելութիւններուն, ծրագիրներուն, աշակերտական ակումբներուն ու դպրոցներուն մասին։ Ճաշը Համալսարանի ճաշարանին մէջ էր ու անկէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի Եւրոպա պանդոկ, ապա երեկոյեան մեկնումի ընթրիքին համար հանրակառքը կանգ առաւ «Դրախտ» ճաշարանին առջեւ. գեղեցիկ ու բացօթեայ վայր մը, ուր ֆորումականները երկար սեղանի մը շուրջ հաւաքուած ընկերային անմոռանալի պահեր ապրեցան իրարու հետ, խօսեցան, խնդացին պարեցին ու գրկեցին իրար։
Քանի բաժանումի պահերը կը մօտենան, այնքան աւելի սեղմ կը դառնան ֆորումականներու միջեւ յարաբերութիւնները. ոմանք արդէն իսկ կը ծրագրեն Հայաստան վերադառնալ մօտ օրէն ու դարձեալ հանդիպիլ հայրենի հողին վրայ։