
Համազգայինի Ուսանողական հաւաքի վեցերորդ օրը սկիզբ առաւ Հինգշաբթի, 21 Յուլիս 2016-ին։
Ֆորումականները այցելեցին Կոմիտասի անուան պանթէոն եւ թանգարան, ուր անոնք մօտէն ծանօթացան Կոմիտաս վարդապետի կենսագրութեան եւ գործունէութեան։ Թանգարանի մուտքին, խումբ մը ֆորումականներ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆէնքճեան հեռաձայնով հարցազրոյց մը ունեցան Վանայ Ձայնէն եւ խօսեցան ֆորումի առօրեային եւ իրենց տպաւորութիւններուն մասին։
Խումբը ապա մեկնեցաւ դէպի հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան ու ծանօթացաւ համալսարանէն ներս ուսանելու կարելիութիւններուն։ Կէսօրուան ճաշը տեղի ունեցաւ համալսարանէն ներս, որմէ ետք ֆուրումի մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարան։ Աւելի քան մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ ֆորումականները շրջեցան թանգարանը եւ մօտէն ծանօթացան Թումանեանի կեանքի մանրամասնութիւններու եւ գրութիւններուն, ինչպէս նաեւ առիթը ունեցան ուղղելու իրենց բազմաթիւ հարցումները։
Երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Քնար», «Մեղրի» (Ֆիլատելֆիա) եւ «Նայիրի» (Նիւ Ճըրզի) պարախումբերու ելոյթին, Հայաստանի «Յ. Պարոնեան»ի անուան սրահին մէջ, որմէ ետք բոլորը միասնաբար ընթրեցին եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին։