Ֆորում
Ֆորումի 14-րդ եւ վերջին օրը ծայր առաւ Արցախէն ու իր աւարտին հասաւ Երեւանի մէջ։
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն այցելեցինք Մամիկ-Պապիկի մօտ, ապա ուղղուեցանք Շուշիի Ղազանչեցւոց եկեղեցին, որմէ ետք հրաժեշտ տուինք Արցախին։
Տաթեւ հասնելով մեծ հետաքրքրութեամբ նստանք ճոպանուղին եւ հասանք Տաթեւի վանք։ Հիանալի բնութիւնն ու տեսարանը հմայեց բոլորը։
Տաթեւի պարտէզներուն մէջ ճաշելէ ետք մեկնեցանք Երեւան, եւ իր աւարտին հասաւ Ֆորումը։ Արցունքոտ աչքերով հրաժեշտ տուինք դարձեալ հանդիպելու յոյսով։