
Առաւօտեան կանուխ ժամերուն հանրակառքը ուղղուեցաւ դէպի հերոսական Արցախ։ Ճանապարհին, Արարատը իր ալեհեր գլուխը պարզած էր բոլորին։ Խոր Վիրապի շուրջ կանգ առաւ հանրակառքը. հակառակ կիզիչ արեւին, բոլորը խանդավառ վազեցին դէպի Արարատ…։ Ոմանք, մանաւանդ անոնք, որոնց համար առաջին փորձառութիւնն էր հայրենիք այցը, լուռ էին, այնքան յուզուած որ բառ մ՚իսկ չկրցան արտասանել. լռակեաց նստան ծառի մը տակ ու երկար այդպէս մնացին։
Խմբային լուսանկարներէ ու Խոր Վիրապ մտնելէ ետք, հանրակառքը շարունակեց իր երթը։ Քանի մը վայրկեան անդին, հայ ազգի հերոսներէն՝ Գէորգ Չաւուշի արձանը լուռ կը հսկէր բոլորին։ Ինչքան կը յառաջանար հանրակառքը, այնքան աւելի կը շեշտուէր հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւնը։ Վերամբարձ լեռներ, գունագեղ ձորեր ուղեկցեցան խումբին. յաջորդ հանգրուանը Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանն էր։ Թանգարանին մէջ հնչեց իր ձայնը.-«Անկեղծ ասած, էս ամէնից ես յոգնել եմ…»… Խումբը հաւաքուեցաւ իր շիրմաքարին շուրջ. ֆորումականներէն Գոհարը տեղեկութիւններ փոխանցեց Սեւակի կեանքին մասին ու բոլորը միասին երգեցին «Երեւան Էրեբունի» ծանօթ երգը, որուն բառերուն հեղինակն է նոյնինքն Սեւակը։
Ոլորապտոյտ ու լեռնապատ ճամբաներէն անցնելով հասանք Նորավանք. մեծ էր հետաքրքրութիւնը շրջանի պատմութեան վերաբերեալ։ Ճաշը «Որսկան» ճաշարանին մէջ ուտելէ ետք, խումբը շարունակեց իր ճամբան։ Պէտք է ըսել որ անպակաս էին երգերը. «Գարահիսար լերան», «Ղարաբաղցին», «Արփա Սեւան» եւ այլ երգեր հնչեցին ու շատ չանցած արդէն իսկ հասած էինք Արցախի սահմանը։ Զօրաւոր զգացում մը պատած էր բոլորը. «Ազատ անկախ Արցախը ողջունում է ձեզ»ը բոլորը յուզեց։ Ու անկէ յետոյ, հայկական լեռնաշղթայի հրապոյրը գրաւեց բոլորը. լեռ ու ձոր, գունագեղ մարգեր, մերթ ընդ մերթ ճամբան անցնող կովեր, ձիեր. իսկ ամէնէն հրապուրիչը՝ արցախեան լեռները։ Ի՜նչ հրաշալի են իրարու գիրկ ինկած այդ լեռները. ու կանա՜չ…։ «Գետաշէն»ը հնչեց ու արդէն հասած էինք Շուշի, որմէ ետք երեւացին Ստեփանակերտի լոյսերը, ու ծափերը թնդացուցին հանրակառքը։
Խումբը հասաւ Փարք պանդոկ. մուտքին՝ Բեկոր Աշոտի յուշարձանը դիմաւորեց բոլորը։ Համադամ ընթրիքը տեղւոյն ճաշարանին մէջ էր. բոլորը սիրահարուած էին Արցախի գեղեցկութեան։ Ազատ Արցախը սրտբաց ողջունեց բոլորը։