
Յուլիս 23-ին, Համազգայինի Ֆորումականները իրենց աչքերը բացին Ստեփանակերտի Parc պանդոկին մէջ. գողտրիկ ու հայկական ոճով կահաւորուած շէնքին ներքնայարկը նախաճաշելէ ետք, բոլորը պատրաստ ու խանդավառ էին այցելելու Ասկերանի զօրամասը։ Պանդոկին մէջ մեզի միացաւ Գնդապետ Մուրատեանն ու խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Ասկերան։
Ճանապարհին, Գնդապետը զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանին ու ապա զօրամասին մասին։ Մուտք գործելով երկաթեայ դռներէն, բոլորին առջեւ պարզուեցան ազգային հերոսներու լուսանկարներ՝ իրարու ետեւէ շարուած, ու Արցախեան պատերազմին իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներու յուշակոթողը. սուր մը, մէջտեղը յաւերժութեան նշանը, երեքական պատեր աջին ու ձախին, իւրաքանչիւր պատի վրայ՝ քանակով հազար փոքր քար, իւրաքանչիւր հայդուկի յիշատակին։ Փոխ-գնդապետ Քամալեանն ու գնդապետ Մուրատեանը առաջնորդեցին խումբը դէպի զօրամասի դրօշին մօտ, ուր բացատրութիւններ տրուեցան զօրամասին մասին։ Ապա, խումբը առաջնորդուեցաւ դէպի զօրամասի այն շրջանը, ուր պաշտպանողական փորձեր տեղի կ՚ունենան։ Խումբը հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց խրամատներու, հրաձիգներու, թաքստոցներու, փշալարերու ու այլ տուեալներու մասին տեղեկութիւններ ու ապա, յառաջացաւ դէպի նորակոչ զինուորներու բաժինը, ու խումբէն տղաք քաղցրեղէններու տուփեր եւ տոպրակներ յանձնեցին զինուորներուն, շէնքի մուտքին, մինչ փողային նուագախումբը նուագեց զանազան երաժշտութիւններ։ Հոն խումբը շփուեցաւ նորակոչներուն հետ, մէկը Տիրան, միւսը Հայկ ու Արա…., իւրաքանչիւրը հպարտ ու գեղեցիկ, ժպտուն ու պայծառ հայորդի, հպարտութիւն ներշնչող հայ ազգի զաւակներ։ Շէնքէն ներս, բացատրութիւններ տրուեցան առօրեայ կեանքին մասին, խումբը պտըտեցաւ հսկայ ննջարանը, ուր նեղլիկ մահճակալներ, բարակ անկողիններով օժտուած կողք-կողքի շարուած են։ Նկատելի էին կանոնաւորութիւնը, կարգապահութիւնը, մաքրութիւնը։
Մատուռին մէջ աղօթելէ ետք, արցախեան քայլերգը բարձր հնչեց զօրամասին մէջ, փողերախումբին առաջնորդութեամբ. բոլորը ոտքի ու հպարտ՝ յուզիչ պահեր ապրեցան եւ երկար խօսեցան իրենց զգացումներուն մասին յաջորդող ժամերուն ընթացքին։ Դէպի պանդոկ ճանապարհին, Արցախի խորհրդանիշ՝ Տատիկն ու Պապիկը, գեղեցիկ բլուրի մը վրայ դիմաւորեցին բոլորը։ Անհամար լուսանկարներու շարքէն ետք, հասաւ ճաշի ժամը ու ապա, խումբը Ստեփանակերտի մաքուր ու գեղեցիկ փողոցներէն քալելով ուղղուեցաւ դէպի գեղեցիկ հրապարակը, ուր կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի շէնքը։ Շէնքէն ներս, խումբը ուղղուեցաւ դէպի ժողովասրահ. հոն շահեկան ու լիամփոփ բացատրութիւններ փոխանցուեցան Արցախի մասին. ընթացքին, ֆորումականներէն՝ Դալար Պաղտասարեանն ու Արամ Պարթեւեանը իրենց զգացումներն ու տպաւորութիւնները բաժնեցին Արցախի հեռուստակայանի անձնակազմին հետ, ու խումբը ճանապարհ ինկաւ դէպի Շուշի։ Ֆորումականներէն, Արցախի Մարտունի շրջանի ծնունդ՝ Արտակը, այնքան համեստ սակայն հպարտ ոգիով հայորդին, բացատրութիւններ տուաւ ճանապարհին գտնուող կոթողներուն, շէնքերուն ու շրջանին մասին ընդհանրապէս։
Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ, խումբը աղօթեց ու շրջանին ու Եկեղեցւոյ մասին տրուած բացատրութիւններուն ուշի ուշով հետեւեցաւ։ Դուրսը, Արցախցի արեւի պէս շողուն երեխաներ, անդին դէպի Եկեղեցի ուղղուող ընտանիքներ, իսկ հեռուն՝ մեր վերամբարձ ու հզօր լեռներէն հասնող զով ու մեղմիկ հովը… Անբացատրելի է պահը. այդ վայրկեանին, ոչ մէկը ուզեց տեղէն շարժիլ։ Շուշիի բերդին առջեւ լուսանկարուելու առիթը յափշտակելէ ետք, ընթրիքի պահը հասած էր արդէն ու պանդոկին համադամ ընթրիքը ճաշակելէ ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի հրապարակ, միանալու ու միասնաբար զբօսնելու Ստեփանակերտի բնակչութեան հետ…։
Վերադարձին, զարգացման մրցոյթը ծայր առաւ ճաշարանին մէջ. վեց խումբեր նշանակուեցան, իւրաքանչիւրը ընտրեց անուն մը. այսպէս՝ Արա Բ, Կռունկ, Շուշի, Մոնթէ, Բեկոր, Դուշման։ Մրցոյթին հարցումները համադրուած էին նախապէս ֆորումականներուն բաժնուած հարց պատասխաններու տրցակէ, նաեւ Հաւաքին յայտագրին ընթացքին տրուած դասախօսութիւններէն ու վայրերու այցելութիւններէն։ Խումբերը խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ մրցեցան իրարու դէմ. թէեւ հաւաքուած նիշերը շատ մօտ էին իրարու, Արա Բ խումբը առաջին հանդիսացաւ։
Պանդոկի մուտքի, բացօթեայ հաւաքատեղիին մէջ, ֆորումականները, շուի ու կիթառ իրենց ձեռքին մէկ կողմէ, զուարճալի խաղերու շարանը միւս կողմէ, հրաշալի երեկոյթ մը ապրեցան պարզ Արցախի հրաշք լեռներուն գիրկը։ Օրը անկասկած իր յաւերժ կնիքը դրաւ ֆորումականներու հոգիներուն մէջ։ Արտակի խօսքերով՝ «դուք պիտի հպարտ լինէք. սա արեան գնով վաստկած հող է»։ Թող որ Արցախեան ազատամարտիկներուն ու զոհերուն հոգիները խաղաղ հանգչին յաւիտեան։