Շաբաթ, 23 Յուլիս 2016-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր, ուր Արցախեան պատերազմի ազատամարտիկներէն Արպէլթը դիմաւորեց խումբը եւ ֆորումականներուն ընկերակցելով բացատրողականներ տուաւ իւրաքանչիւր շիրիմի առջեւ, որմէ ետք ֆորումականները ծաղիկներ զետեղեցին շիրիմներուն վրայ, եւ հնչեց «վէրքերով լի»ն։
Ապա, ֆորումականները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մեծ Եղեռնի զոհերուն, որմէ ետք անոնք այցելեցին հայոց Յեղասպանութեան թանգարանը։
Ճաշի դադարէն ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի վերնիսաժ՝ զանազան տեսակի գնումներ կատարելու համար: Յետոյ, ֆորումականներ այցելեցին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոն, որմէ ետք ընթրեցին Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ «քարաօքէ»ի երեկոյ, եւ երգով ու պարով ճոխ մթնոլորտ մը անցուցին բոլորը։