
Օրը սկսաւ դէպի Տիգրանակերտ երթով. երթ, որ խորքին մէջ ետ դարձ էր դէպի հայ ժողովուրդի փառապանծ պատմութիւնը, երբ Տիգրան Մեծի օրով ծովից ծով էր մեր երկիրը։ Տիգրան Մեծի կողմէ կառուցուած Արցախի մէջ գտնուող Տիգրանակերտը հնագէտներ ու պատմագէտներ յայտնաբերեցին 2000-ի կիսուն եւ մինչ օրս, պեղումները միայն 10 առ հարիւրով է որ կատարուած են։
Ճամբու վրայ նռնենիներ, ձմերուկի կոյտեր ու նոր ցանուած ծառեր….Ասկերանի զօրամասին ու բերդի մնացորդացին կողքով անցաւ հանրակառքը ու որոշ ժամանակէ ետք խումբը հասաւ Տիգրանակերտ։ Բարձրացան դէպի բերդ, ու ներսը բակի մը նման տեղ մը, ծառերուն տակ արեւէն ապաստանելէ յետոյ, խումբը հաւաքուեցաւ Նարինէի մօտ, տեղացի օրիորդ մը, որ զիրենք առաջնորդեց թանգարանէն ներս. խումբը հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց Նարինէի բացատրութիւնները, որոնք կեդրոնացան պեղումներէն յայտնաբերուած քարերու, իրերու վրայ։ Ու յետոյ խանութէն յուշանուէրներ գնելէ եւ լուսանկարուելէ ետք, խումբը բարձրացաւ հանրակառք, ուղղուելով դէպի Սփեփանակերտ՝ այցելելու Զոհուածներու եւ Անյայտ կորածներու թանգարանները։
Անյայտ կորածներու թանգարանին մէջ, խումբը դիմաւորեց Տիկ. Վերա Գրիգորեան, ինքն ալ անյայտ կորած հայորդիի մը մայրը։ Շատ յուզիչ էր մթնոլորտը. անթիւ անհամար անյայտ կորածներու լուսանկարներ ծածկած են սենեակներուն պատերը, աղօթքի անկիւն մը հոս, ծաղիկներու կոյտ մը հոն…։ Տիկ. Գրիգորեանը բացատրեց եւ հարցումներու պատասխանեց ու իր գրած գիրքերուն պարունակութենէն տողեր ընթերցեց։ Ազդեցիկ ու տխուր այս իրողութեան մէջ ինչպէ՞ս կարելի է յոյսն ու հաւատքը պահել, թէ օր մը տուն պիտի դառնայ անյայտ կորած ազատամարտիկ մը. սակայն այս մայրերը կ՚ապրէին այդ յոյսով ու հաւատքով։ Հոնկէ խումբը անցաւ դէպի զոհուածներու թանգարանը. անոնք որոնք այցելած էին նախապէս, խորապէս ցաւեցան երբ մուտքի ձախին գտնուող պատին վրայ նկատեցին Տիկ. Գալիա Առստամեանի լուսանկարն ու մահուան թուականը. Տիկ. Առստամեան շատերուն սիրելին էր, հիմնադիր տնօրէնը՝ Զոհուած ազատամարտիկներու թանգարանին, ինքն ալ զոհուած ազատամարտիկներու մայրն ու կինը։ Թանգարանին ներսը, Տիկ. Արփի Ալթունեան հարցերու պատասխանեց ու հակիրճ բացատրականներ տուաւ հոն տեղադրուած լուսանկարներուն եւ իրերուն մասին։ Հազար փառք մեր ազատամարտիկներուն, որոնց շնորհիւ այսօր հայը վերատիրած է իր հողին, ազատ անկախ Արցախին։
«Բարք» պանդոկի ճաշարանին համադամ կերակուրը ճաշակելէ ետք, Ֆորումականները դարձեալ հանրակառք բարձրացան ու խմբովին ուղղուեցան դէպի Գանձասար։ Հրաշքի համազօր երկիր է Արցախը. անծայրածիր լեռներուն հզօրութիւնն ու կանաչութիւնը իսկապէս կը կախարդէ անցորդը… ։ Ճամբու վրայ, հանրակառքը կանգ առաւ Վագրի լերան առջեւ. խանդավառութիւնը մեծ էր, արկածախնդիրներն ալ շատ էին։ Նանորը վազեց դէպի Վագրի լերան գլուխի բաժինը ու ինքզինք տեղադրեց վագրի բերնին մէջ. լուսանկարներու շարանը յաջորդեց ու քիչ անց, Արան ըստ սովորականին, բոլորը միատեղելու գործին վրայ էր։ Յաջորդ հանգրուանը՝ Գանձասարը իր գրաւիչ տեսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։ Ֆորումականները կարծէք երազ աշխարհի մէջ կ՚ապրէին ու մէկը միւսէն կը խնդրէր որ զինք չարթնցնէ։ Երազ իմ երկիր հայրենի…..։ Բակը գտնուող թթենիի ծառէն թութերը թափ տալով ու ուտելով, ճիւղերուն շուքին տակ հովանալէ ու աղօթելէ ետք, Բալիկ Առաքելեանը ձիապան մը նշմարեց ու երկվայրկեան չանցած արդէն ձիուն վրայ էր Արցախի դրօշը ձեռքին։ Իսկ անդին, փոքր խումբ մը, Սամուէլ Կարապետեանի փոխանցած բացատրութիւններէն մեկնելով բաղդատութիւններ կը փորձէր ընել այլ եկեղեցիներու կառոյցին ու Գանձասարի եկեղեցւոյ միջեւ։
Ընթրիքը դասաւորուած էր Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանին մէջ։ Հանրակառքը խումբը տարաւ մինչեւ որոշ տեղ մը, ուրկէ քալելով եւ ճամբու վրայ մոշ ու թութ քաղելով քարքարոտ ու նեղլիկ ճամբաներէն ֆորումականները հասան Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան։ Բացօթեայ, ծառերու շուքին տակ երկար սեղանները պատրաստ էին։ Հազիւ նստած արդէն իսկ կերակուրները սպասարկուեցան ու յանկարծ հայկական տարազներով՝ երգ ու նուագով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբայի պետական «Մենք ենք մեր սարերը» անսամպլը։ Մեղմիկ փչող զեփիւռը, հարազատ պապենական երգերն ու Արցախեան հիւրընկալութիւնը միատեղ, երազային մթնոլոտ մը ստեղծած էին. պարն ու երգը չկեցան, ուս ուսի, ձեռք ձեռքի քոչարիներու շարան մըն էր որ փրթաւ…. ու յաջորդեց Սասնայ եարխուշտան. մէջտեղ ինկան Գոհարն ու Անահիտը… ու շարունակուեցան պարերը, Մարիան, Նանորը, Աննան, Զապելը, Հայկն ու Արտակը… իսկ երբ «Ղարաբաղցին» երգը հնչեց, արդէն Արտակը Արցախցիի ոգիով մէջտեղ ինկած էր, ու յանկարծ զինք տեսանք Հայկին ուսերուն նստած։ Խանդավառութիւնը չափ ու սահման չունէր։ Հրայր Գալեմքէրեանն ու Կասիա Էճիտեանը, կիթառով ու շուիով հարազատ երաժշտութիւններ նուագեցին, իսկ անդին, խումբ առ խումբ ֆորումականները այցելեցին Արցախի ծնունդ՝ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանին սենեակները ու յետոյ կարգը հասաւ հաստատագիրներու տուչութեան։
Արա Բարսեղեանն ու Թամար Տօնապետեան Գուզուեանը, միասնաբար վարեցին արարողութիւնը եւ յանձնեցին հաստատագիրները բոլոր մասնակցողներուն։ Դէպի հիւրանոց դարձին ֆորումականները լուռ էին։ Վերջին խմբային ընթրիքն էր. երազ օր մը կը հասնէր իր աւարտին…։ Դժուար էր համոզուիլը պարզապէս: