
Կիրակի, 24 Յուլիս 2016-ին սկիզբ առաւ Համազգայինի Ուսանողական հաւաքի իններորդ օրը։ Առաւօտեան ֆորումի մասնակիցները ունէին ազատ պահ, որպէսզի առիթը ունենային կատարելու իրենց գնումներն ու կարգ մը այցելութիւններ։
Կէսօրէ ետք, խումբը հիւրն էր Երեւանի Կրէնտ Սբորթ մարզահամալիրին, ուր քանի մը ժամ տեւողութեամբ մասնակիցները կիրարկեցին տարբեր մարզախաղեր, ինչպէս՝ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, փինկ փոնկ եւ թենիս, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում Կրէնտ Սբորթի խումբին դէմ։
Ճաշէն ետք, ֆորումի մասնակիցները լսեցին հայկական գեղանկարչութեան մասին դասախօսութիւն մը, Դոկտ. Լեւոն Չուքասզեանի կողմէ։
Ընթրիքը կայացաւ «Անթապ» ճաշարանէն ներս, որմէ ետք ֆորումականները հաճելի երեկոյ մը անցուցին Երեւանի բացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ, ուր անոնք զրուցեցին եւ տօնեցին մասնակիցներէն Քրիսին տարեդարձը։