
Ֆորումի անցած օրերու թիւերն արդէն տասականներու շարքին անցած են։ Իրողութիւն, որ կը մտահոգէ մասնակիցները։
Ֆորումականներու հայեացքներն այսօր ուղղուած էին Ծաղկաձոր։
Բնութեան կանչը արձագանգեց հոգիներուն մէջ։ Անոնք վաղ առաւօտեան բարձրացան հանրկառք եւ ուղղուեցան այնտեղ։ Ճոպանուղիով ճեղքեցին անոր լեռներու միջեւ գոյացող հովիտները, ապա հիւրընկալուեցան Ծաղկաձորի «Տիրամայր Հայաստան» ճամբարի փոքրիկներու կողմէ, որոնց հետ ունենալու էին կիսօրեայ յայտագիր մը, որ կ'ընդգրկէր ճաշ, ընկերային պահ եւ մարզական խաղեր։ Ֆորումականները յաջողեցան գրաւել փոքրիկներուն սիրտերը, անոնց ապահովութիւն ներշնչելով եւ ջերմութիւն տածելով։
Երեկոյեան գաղութներու ծանօթացում տեղի ունեցաւ։ Իւրաքանչիւր շրջանի մասնակից ներկայացում մը տուաւ իր գաղութի պատմութեան, ազգային կեանքի եւ գործող միութիւններու մասին։ Իսկ իրիկուան ֆորումականները ունեցան ազգագրական պարերու աշխատանոց մը։ Անոնք սորվեցան «Կարնոյ Քոչարի»ն, «Խամխամա»ն եւ «Թամզարա»ն։ Ֆորումականներուն կ'ընկերակցէր Ֆիլատելֆիոյ Համազգայինի «Մեղրի» պարախումբը, որ ներկայացումներ ունեցաւ յայտագրի ընթացքին։
Պէտք էր տեսնել մասնակիցներուն հրճուանքը, երբ անոնք կը վերադառնային իրենց ակունքներուն ազգագրական այս պարերուն միջոցաւ։