Ֆորում

11-րդ օրը ֆորումի Երեւանեան մեր ծրագրի վերջին օրն էր։ Խումբը այցելեց հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր Ծիծեռնակաբերդը եւ այնտեղ գտնուող թանգարանը։ Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Եռաբլուրը՝ Արցախեան պայքարի հերոսներու պանթէոնը։
Երեկոյեան, խումբ-խումբ ներկայացումներ կատարեցին Թումանեանի եւ Կոմիտասի մասին։
Հայաստանի շրջապտոյտը արդէն հասած էր աւարտին։ Մասնակիցները պատրաստեցին իրենց ճամպրուկները՝ յառաջիկայ երեք օրերը Արցախի բնութեան գիրկը անցընելու համար։
Իսկ իրիկունը ֆորումականները իրենց ազատ ժամուն խմբովին պտըտեցան։