Երազ օրեր. երազ հայրենիք՝ Հայաստան ու Արցախ։
Առաւօտեան վաղ ժամերուն իրարանցում մը սկսած էր արդէն… պայուսակներու պատրաստութիւն, «բան չմոռնաք»ներու շարան, Ստեփանակերտի «Բարք» պանդոկին մէջ եռուզեռը բացայայտ էր…։ Շատ ուշ քնացած էին բոլորը. մինչեւ առաւօտեան պզտիկ ժամերուն իրարու քով նստած զրոյցները, խաղերը, փաթթուկները ու վերջին վայրկեանին Լրատուին համար գրել փափաքողներու թիւը հետզհետէ աւելցած էր։
Արցախը մեր ետին ձգելը դիւրին պիտի չըլլար. Արցախին հետ միասին մեր սիրելի ֆորումականներէն՝ Մարտունիի ծնունդ Արտակէն բաժնուիլը դիւրին պիտի չըլլար։ Բոլորը հաւաքուած էին շուրջը ու փաթթուկներու շարքը երկար էր։ Ազնիւ հայորդիին երակներուն մէջ կար միայն հայութիւն, կար միայն հայրենիք, ու կար անսահման սէր իր հասակակից ֆորումականներուն ու լրիւ խումբին նկատմամբ։ Մինչ նոր հանդիպում Արտակ ջան։ Լուռ էր խումբը, թէ՛ անքնութեան ու թէ տխրութեան նշանները նախաճաշի ժամանակ արդէն յայտնի էին։
Հանրակառքը լուռ ու մունջ անցաւ մեր հզօր լեռներուն միջով. երգերու շարանը մեղմ կը շարունակուէր…. ու ահա հնչեց «Գարահիսար լերան կրծքին նա էլ ընկաւ վիրաւոր»… արծիւ մը հոս, ձի մը հոն… դրախտ երկիր, տառապած երկիր, փառապանծ երկիր։ Դէպի Հայաստան սահմանը քանի մը վայրկեան կենալէ ետք, ահաւասիկ քիչ անց գունագեղ ու գողտրիկ Գորիսը իր գեղեցկութիւնը պարզեց բոլորին առջեւ… ու մէկը միւսին ետեւէ մտանք Սիւնիքի մարզ, Հալիձոր ու վերջապէս Տաթեւի ճոպանուղիի տարածաշրջանը։ Նոյնիսկ մեր հարուստ լեզուին մէջ կը պակսին ածականները. պէտք է տեսնել ու ապրիլ այն զգացումը երբ հինն ու նորը իրարու խառնուած ու միաժամանակ կը ներկայանան. դարերու պատմութիւն ունեցող Տաթեւը, որ նաեւ համալսարան եղած է ժամանակին, ու հոն դասաւանդուող նիւթերէն էր հայ մանրանկարչութիւնը։ Արեւը պայծառ կը շողար, թեթեւ զեփիւռը իր ջանքը կը թափէր կարծէք որ տաք օդը քիչ մը զովացնէ։ Երկուքի բաժնուելով, խումբը յառաջացաւ դէպի ճոպանուղի ու ճամբայ ելաւ դէպի Տաթեւի վանքը… Ձայնագրութիւնը տեղւոյն շրջանին մասին եռալեզու բացատրականներով ու Տաթեւի մասին տեղեկութիւններով օժտեց բոլորը. մինչ Յարութն ու Արամը, Բալիկը եւ Կասիան զմայլած իրենց շուրջը կը դիտէին ու կը լուսանկարէին, Գեղամը իր կատակներն ու չարաճճիութիւնը կը շարունակէր։ «Ահա հիմա պիտի իյնանք»ին կը յաջորդէր՝ «Գեղա՜մ մի վախցնէր արդէն կը վախնամկոր»ը..։ Ու այսպէս, տասներկու վայրկեանի մէջ, անցնելով Որոտան գետի ու Սատանի կամուրջին վրայով, Հալիձորի կարմիր տանիքներուն վրայով ու բարձունքներուն միջով՝ խումբը հասաւ Տաթեւ, իններորդ դարուն կառուցուած հրաշագեղ համալիրը։ Շարքի կեցած տարեց մամիկներ իրենց քաղած բոյսն ու չորցուցած պտուղը կը ցուցադրէին։
Ֆորումականները Տաթեւով հմայուած էին. Սուրբ Պօղոս Պետրոս տաճարին մէջ կնունքի արարողութիւն էր որ տեղի կ՚ունենար. ճօճուող սիւնին շուրջ բացատրականներ կը փոխանցուէին իրարու, իսկ անոնք որոնք նախապէս այցելած էին Տաթեւ, արդէն լուսանկարուելու լաւագոյն տեղերը գտած էին։ Խումբ առ խումբ, դարձեալ վերադառնալու հաստատումներով ընկերները յառաջացան դէպի ճոպանուղի. Փաթիլն ու Թանիան իրարու փաթթուած՝ յորդ արցունքներ կը թափէին… Հանրակառքը ճամբան շարունակեց դէպի Երեւան.
Ճամբու վրայ խումբը վերաշխուժացած խաղեր կը խաղար, լուսանկարներ կը փոխանակէր, ու մերթ ընդ մերթ ազգային երգ մը կը փրթէր տեղէ մը, ու միւսները կը միանային։ Յանկարծ Ջաւախքէն Արմէնը բարձրախօսը խնդրեց ու յայտարարեց.- «Ընկերներ, Արտակը իր բարեւները փոխանցեց ձեզի»։ Որսկան ճաշարանին մէջ, այս անգամ ճաշը հաւ ու ձուկ էր, իշխան ձուկը համով պատրաստուած էր։ Արփա գետի եզրին, հոսող ջուրերուն ու փչող զեփիւռին հետ մէկտեղ, այնքան հաճելի էր մթնոլորտը. Նանորը, Սագոն, Հայկը… նստած ճատրակ խաղալու սկսան ու անդին սուրճի ու թէյի սպասարկութիւնը կը շարունակուէր։
Հանրակառքով վերջին ճամբորդութիւնն էր. խումբը ուղղուեցաւ դէպի Երեւան։ Ճամբու վրայ Լրատուին համար յատուկ կերպով պատրաստուած հարցարանին արդիւնքները բերանացի փոխանցեց վարիչներէն ընկհ. Թամարը։ Ըստ ֆորումականներուն, ամենէն լաւ պարողները՝ Լոռի Պապօղլեանն ու Մարիա Մարտիրոսեանն էին, ամենէն լաւ երգողը՝ Նանոր Քիւփէլեանն էր, ամենէն լաւ ժամադրութիւն յագորղը՝ Երուանդ Էճիտեանը, իսկ ամենէն բարձր հաւանականութիւն ունեցողը, որ ՀՀ-եան նախագահը պիտի ըլլայ օր մը՝ Արտակ Իշխանեան….։ Շարքը երկար էր եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հանրակառքին մէջ։ Ճամբուն տեւողութեան բոլորին ընկերացաւ Արարատը…. մեծ ու փոքր Մասիսները հովանի՝ հանրակառքը կանգ առաւ Հանրապետութիւն փողոցին վրայ, ուր կը գտնուի Եւրոպա պանդոկը։ Խումբը շատ յոգնած սակայն՝ ո՛չ-պատրաստ բաժանումի, ուղղուեցաւ դէպի պանդոկ, ուր կարգ մը ֆորումականներ տուին իրենց հրաժեշտը։ Արցունքները անպակաս էին, կապերը՝ անքակտելի։ Մնացեալը ուշ գիշերին ուղղուեցան դէպի «Մեր Թաղը» ու հոն, ընթրիքէն յետոյ հրաժեշտներն ու շնորհակալական խօսքերը շարունակուեցան։
Այնքան յիշատակներ հիւսուեցան երկու շաբթուան մէջ, այնքան զգացումներ արթնցան. կեանք մըն էր որ անցաւ, իր ետին թողնելով անսահման սէր՝ հանդէպ հայրենիքի` Հայաստանի ու Արցախի ու հանդէպ իրարու՝ իբրեւ ֆորումականներ։