Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանի աւելի քան 250 ծնողներ, մեծ հայրեր եւ մեծ մայրեր, բարեկամներ, ուսուցիչներ, շրջանաւարտներ եւ աշակերտներ Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2001-ին մասնակցեցան քայլարշաւի մը՝ նշելու համար Ճեմարանին 25-ամեակը։
Քայլարշաւը, որուն մեկնարկը կատարուեցաւ Ռայտի մէջ եւ որ աւարտեցաւ Սիտնիի Օփերայի Տան մօտ, կազմակերպուած էր Ճեմարանի Ծնողներու եւ Բարեկամներու Միութեան կողմէ եւ յատուկ կերպով համակարգուած էր Ճեմարանի ծնողներէն Յակոբ Պօղոսեանի կողմէ։ Սկզբնապէս ծրագրուած էր, որ 25 կամաւորներ քալեն 25քմ՝ նշելու Ճեմարանին 25-ամեակը եւ Ճեմարանին ֆոնտին համար հաւաքելու 25000 տոլար։ Իր ունեցած մեծ արձագանգին շնորհիւ, նախաձեռնութիւնը շուտով վերածուեցաւ աւելի մեծ տարողութեամբ քայլարշաւի մը, բաղկացած՝ երեք հանգրուանէ։
Առաջին հանգրուանին մասնակցեցան 25 քալողներ, որոնք ճամբայ ելան Ռայտի Սանթա Ռոզա Փարքի ՀՄԸՄ-Նայիրի կեդրոնէն եւ ուղղուեցան դէպի Ուիլոպիի Հայկական Կեդրոնը։ Քայլարշաւին նախորդող շաբթուան ընթացքին Ռայտէն մինչեւ Սիտնիի Օփերայի Տուն քալողներուն թիւը կրկնապատկուեցաւ եւ հասաւ յիսունի։ Ռայտէն ճամբայ ելած ծնողներուն, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն, շրջանաւարտներուն, աշակերտներուն եւ Ճեմարանի բարեկամներուն միացած էին Ճեմարանի տնօրէնուհի Քարոլին Պլանտընը եւ ուսուցիչներ Էտի Տէմիրճեան, Սէլի Պէնտ, Վիքի Վարդանեանզ, Քարին Մովսիսեան, Պիլ Մանթոփուլոս, Կրէկ Չահրոզեան, Հայկ Լէփէճեան, Այտա Սարեան եւ Պէթի Մարաշլեան, ինչպէս նաեւ Ճեմարանի խնամակալութեան անդամներ։ Ճեմարանի կառավարիչ Փէթրիք Մըք Հյու կը համակարգէր Քայլարշաւին հետ կապուած պատրաստութիւնները եւ քայլարշաւին մասնակիցներուն անհրաժեշտ պարագաները, որոնց մաս կը կազմէր Ճեմարանին համար նոր ձեռք բերուած փոքր փոխադրակառքը։
Ծրագրուած էր, որ Քայլարշաւին մեկնարկի ազդանշանը տար Ռայտի քաղաքապետ Արթին Էքմէքճեանը, որ սակայն հիւանդութեան պատճառով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ։ Քայլարշաւին մասնակիցները Ռայտէն ճամբայ ելան կանուխ առաւօտեան՝ շատ լաւ եղանակով եւ քայլարշաւի այլ մասնակիցներուն կողմէ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցան երկու ժամ ետք՝ Հայկական Մշակութային Կեդրոնին մէջ։ Փոխադրամիջոցի նախարար եւ Ուիլոպիի անդամ Գլատիս Պէրէճիքլեան հանդէս եկաւ կարճ խօսքով մը, որմէ ետք աշակերտներուն առաջնորդութեամբ բոլորը արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը։
Քայլարշաւի մասնակիցներուն քանակը բազմացաւ երկրորդ հանգրուանին եւ ներառեց աւելի մեծ թիւով ծնողներ եւ տարիքով աւելի փոքր աշակերտներ, որոնք քալեցին Ուիլոպիէն մինչեւ Քիրիպիլլի։ Երբ երկրորդ հանգրուանի քալողները հասան Քիրիպիլլի, մասնակիցներուն թիւը ադէն իսկ բարձրացած էր 250-ի։ Այստեղ արդէն բոլորը, մեծ թէ փոքր, միացան եւ քալեցին Սիտնիի փառահեղ Հարպըր Պրիճի վրայէն դէպի պատմական Ռոքս եւ ապա՝ Սիտնիի Օփերայի Տունը, ուր բոլորը հաւաքուեցան խմբանկարի համար։
Յոգնած, բայց յաղթական քալողները ապա ուղղուեցան մօտակայքը գտնուող Սիտնիի բուսաբանական պարտէզը, հանգստանալու եւ ընտանիքներով ճաշելու համար՝ վայելելով պայծառ օդը եւ նաւահանգիստի գեղեցիկ տեսարանը։ Պաշտօնական հակիրճ հանդիսութեան ընթացքին յատուկ շնորհակալութեան խօսքեր արտասանուեցան պաշտօնական հովանաւորներուն՝ գլխաւոր հովանաւոր Տէր եւ Տիկին Արա Քոփուշեաններուն (onlinelighting.com.au), Տէր եւ Տիկին Սարգիս Տէր Պետրոսեաններուն (Քլէսիք ուոչըզ), Տէր եւ Տիկին Սագօ Նալպանտեաններուն, Տէր եւ Տիկին Յակոբ Պօղոսեաններուն, Տէր եւ Տիկին Յակոբ Տէր Թաթէոսեաններուն, Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս Մանուկեաններուն, ինչպէս նաեւ՝ անխոնջ կազմակերպիչներուն։
Քայլարշաւին մասնակիցները այս շաբաթ պիտի հաւաքեն իրենց մասնակցութեան հովանաւորութեան սակերը, ինչպէս նաեւ՝ յաւելեալ հովանաւորութիւններ։ Հաճեցէք Ձեր նուիրատուութիւններով քաջալերել զիրենք եւ մեր Համայնքի Դպրոցը։
Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի 25-ամեակին նուիրուած յառաջիկայ մեծ իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ կալա ընթրիք մը՝ կազմակերպուած Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ եւ որ տեղի պիտի ունենայ 12 Նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 6-ին Քոնքուրս Չաթսուուտի մէջ (409 Վիքթորիա Էվընիյու, Չաթսուուտ։) Տոմսերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել Ճեմարան՝ 9970 6984 թիւին։