Ֆորում

Կիրակի, 27 Յուլիսին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ֆորումի մասնակիցները մաս կազմեցին Վարդավառի տօնակատարութիւններուն եւ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ջուրով խաղերու մասնակցեցան:
Կէսօրին ֆորումականները այցելեցին Սարդարապատ հերոսամարտի յուշակոթող եւ ազգագրութեան թանգարան: Երեկոյեան, հանդիպում տեղի ունեցաւ «Դէպի Հայք» հիմնարկի տնօրէն Սեւան Քապաքեանի եւ «Repat Armenia»ի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ: Ֆորումականները հայրենադարձութեան եւ հայրենիքի մէջ կամաւոր աշխատանք տանելու մասին իրենց հարցումները ուղղեցին օրուան հիւրերուն: