27 Յուլիս 2016-ին սկիզբ առաւ Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 12-րդ օրը։ Նախաճաշէն ետք ֆորումականները մեկնեցան դէպի «ԹՈՒՄՈ» կեդրոն, ուր անցուցին մօտ վեց ժամ։ Ծանօթանալէ ետք կեդրոնին եւ անոր գործունէութեան, ֆորումի մասնակիցները բաժնուեցան երեք խումբերու, ըստ իրենց նախասիրութեան՝ երաժշտութիւն, տեսերեզի պատրաստութիւն, ծրագրաւորում եւ game development։ Ապա, խումբերը հետեւեցան մասնագիտացած դասընթացքներու՝ իրենց ընտրած ոլորտէն ներս։
Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում մը խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Սուր մրցակցութենէ ետք, երկրորդ խումբը հանդիսացաւ առաջին։
Երեկոյեան, ֆորումի հրաժեշտի ընթրիքը տեղի ունեցաւ «Ուրարտու» ճաշարանէն ներս։ Երգ ու պարով, ֆորումականները վայելեցին իրենց վերջին գիշերը Երեւանի մէջ եւ յետոյ վերադարձան պանդոկ՝ պատրաստ մեկնելու Արցախ։