
Ֆորումի 14-րդ օրուան ծրագիրը սկիզբ առաւ «Վազգէն Սարգսեան»ի անուան զօրամասի այցելութեամբ։ Խումբ մը զինուորներ զօրամասի դահլիճին մէջ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ'ընդգրկէր ազգային, հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր։ Ֆորումականները մաս կազմեցին յայտագրին. Անոնք երգեցին եւ պարեցին զինուորներուն հետ միասին։ Ապա այցելեցին Անյայտ զինուորներու թանգարանը։
Ֆորումի այս օրը տօնական օր մըն էր եւս, եւ ի՜նչ տօն. Վարդավա՜ռ։ Թոյլ ու շիշ ջուրով լեցուեցան ու պարպուեցան, չոր հագուստները թրջուեցան, ֆորումի կազմը՝ մասնակից եւ պատասխանատու, խխում դարձան։
Երեկոյեան խումբը յաջորդաբար այցելեց Գանձասարը, Վագրի լեռը եւ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը։
Գիշերը տեղի ունեցաւ ֆորումի պաշտօնական փակումը. Ֆորումականները ստացան իրենց մասնակցութեան հաստատագրերը։ Փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը՝ տամուկ աչքերով, սակայն բոլորն ալ անգամ մը եւս հանդիպելու յոյսով։