Ֆորում
8 տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներու մասնակցութեամբ Ֆորում 2018-ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ «Մինոթել Պարսամ Հիւրանոց»-ին մէջ, 5 Յուլիս 2018-ին։
Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Ֆորումի ծրագրին, նպատակին եւ օրէնքներուն։ Ճաշէն ետք, խումբը այցելեց Սասունցի Դաւիթ եւ Մայր Հայաստան արձանները։
Օրուան աւարտին, Ֆորումականները ներկայ եղան «Հայկ եւ Բէլ»-ի պատմութեան ներկայացման։ Անոնք համտեսեցին հայկական խորովածն ու լաւաշ հացը, երգեցին, պարեցին եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին։