Ֆորում

6 Յուլիս 2018-ին, Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Սաղմոսավանք, ուր լսեցին հանրածանօթ ճարտարապետ եւ մասնագէտ Աշոտ Գրիգորեանի բացատրութիւնները վանքի պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասին։ Սաղմոսավանքէն ետք, անոնք ուղղուեցան դէպի Տառերու Պուրակ։
Խումբը ճաշեց Արագած լերան լանջին։ Ապա մասնակիցները բարձրացան լերան բարձունլներէն մէկը եւ այդտեղ միասնաբար երգեցին հայրենասիրական երգեր։
Վերադարձի ճամբուն վրայ, խումբը այցելեց Ամբերդ ամրոցը։ Պրն. Գրիգորեանի նշումները լսելէ ետք, մասնակցողները վերադարձան Երեւան։