Ֆորում
7 Յուլիս, 2018-ին, ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի Պատմութեան Թանգարան եւ ներկայ եղան «Առաջին Հանրապետութիւն» ցուցադրութեան։
Կէսօրէ ետք, անոնք ուղուեցան դէպի Մատենադարան, ուր Մատենադարանի փոխտնօրէն Դոկտոր Կարէն Մաթեւոսեան դասախօսեց հայկական մանրանկարչութեան մասին։
Երեկոյեան, ֆորումականները ժամանեցին Քասքատ, ուր սորվեցան եւ պարեցին ազգագրական պարեր Գագիկ Գինոսեանի հետ։
Օրը վերջ գտաւ ճոխ ընկերային պահով մը քաղաքի «rooftop bar»երէն մէկուն մէջ։