Ֆորում

8 Յուլիս 2018-ին, Ֆորումի 4-րդ օրուան ընթացքին, մասնակիցները այցելեցին Սարդարապատի համալիրը եւ թանգարանը, ինչպէս նաեւ՝ Էզմիածինի Մայր Տաճարը եւ Սուրբ Գայեանէ եկեղեցին։ Յետոյ, անոնք մեկնեցան դէպի Մաչանենց Արուեստի Տունը, ուր լաւաշ թխեցին եւ ծանօթացան կաւագործութեան արուեստին։ Մասնակիցները ճաշեցին արուեստի տան պարտէզին մէջ եւ երգեցին, պարեցին ու հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին։
Երեկոյեան, Երեւան վերադարձէն ետք, ֆորումականները միացան Վարդավառի տօնակատարութեան։