
Համազգայինի Ուսանողական Համախմբումի 2-րդ օրը երկար պտոյտներ նախատեսուած էին, եւ օրը ընթացաւ ըստ ծրագրի։
Նախ ուղղուեցանք դէպի Սաղմոսավանք, ուր Պրն. Դաւիթ Քերթմէնջեան խօսեցաւ Հայկական Ճարտարապետութեան մասին, օգտաշատ բացատրութիւններ տալով մասնակիցներուն։ Ապա խումբը ուղղուեցաւ Տառերու պուրակ, ուր այբուբենի այդ գեղեցիկ շտեմարանին մէջ իւրաքանչիւրը գտաւ իր անուան սհզբնատառը եւ նկարուեցաւ անոր կողքին, իսկ խմբակը միասնաբար նկարուեցաւ «Հ» տառին քով, որ կը խորհրդանշէ Համազգայինը, որուն շուքին տակ հաւաքուած ենք բոլորս։
Ժամ մը ետք հասանք քառագագաթ Արագած լեռը։ Հոն ճաշեցինք տեղւոյն վրայ պատրաստուած մեր համեղ սանտուիչները, ապա մագլցեցանք լերան դիմացի բլուրը, ուր Քարէ լիճին գոյութիւնը իր հիասքանչ տեսարանով հմայեց բոլորը։
Ամբերդ այցելութեամբ տեսանք դարձեալ մեր ճարտարապետութեան կոթողներէն մէկը, եւ Պրն. Քերթմէնջեան դարձեալ փոխանցեց հակիրճ տեղեկութիւններ համալիրին մասին։
Երեկոյեան Խարբերդ ճաշարանին մէջ ընթրելէ ետք, սկսանք երեւանեան գիշերները վայելելու։