
Համազգայինի Կլենտէյլի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղին եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին համատեղ կազմակերպութեամբ, 28 Ապրիլի 2019-ին Կլենտէյլի Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ կայացաւ Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Նորա Յովսէփեանին «JOURNEY TO THE HOMELAND» վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Մաթիու Քարանեանին «THE ARMENIAN HIGHLAND» գիրքի ներկայացում-շնորհանդէսը:
Բացման եւ ողջոյնի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան՝ Համազգայինի Կլենտէյլ մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալին Պզտիկեանը եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Ռոնի Ղարիբեանը: Միջոցառումին ներկայ էին 130-է աւելի հիւրեր՝ Լոս Անճելոսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը, Կլենտէյլի ոստիկանական բաժանմունքի ղեկավար Գարլ Պովիլաիթիսը եւ այլ պաշտօնատար անձիք, մշակութային գործիչներ, երիտասարդներ:
Ձեռնարկի ընթացքին, Արեւմտեան Հայաստանի աւանդական մշակութային եւ ժողովրդական շունչը հաղորդեցին՝ «Ժողովրդական Պար»-ի խումբի անդամները՝ ազգագրական-աւանդական պարային կատարումներով եւ «Յ. Թումանեան»-ի վարչական կազմը՝ հայկական ուտելիքներով եւ անուշեղէններով ։