Եւրոպա
Երկուշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը ներկայացուց «Khatchkar, Les Pierres à Croix Arménienne d’Isphahan et de Jerusalem» գիրքը։
Աշխատութեան հեղինակները՝ Միշէլ Պասմաճեան եւ Յարութիւն Խաչատուրեան, մօտ քսան տարի պրպտած, նկարած, ցանկագրած եւ ուսումնասիրած են 669-է աւելի խաչքարեր՝ Երուսաղեմի եւ Նոր Ջուղայի եկեղեցիներու մէջ։
Անոնք ներկայացուցին մի քանի կոթողներ, տալով անոնց գծագրական յատկութիւները, արտադրութեան թուականը, պատուիրողի նպատակը եւ խաչքարին դիրքը եկեղեցիէն ներս։ Հսկայական ուսումնասիրութիւն մը, որ կ’ամփոփէ հազարաւոր տեղեկութիւններ հայկական արուեստի այս իւրայատուկ արտադրութեան մասին։