
Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցաւ «L'histoire du genocide des arméniens» գիրքի ներկայացումը Փարիզի հայ մշակոյթի տան մէջ, Համազգայինի Փարիզի կողմէ, հեղինակին՝ Կորիւն Ափրիկեանի ներկայութեամբ եւ բացատրութիւններով։
Համազգայինի վարչական Նոնիկ Յովհաննէսեան իր բացման խօսքով ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ գիրքին բովանդակութեան եւ կարգ մը հարցումներ ուղղեց հեղինակին։
Գիրքին մտայղացումը, բնագիրը եւ վաւերաթուղթերու պատրաստումը գործն է Կորիւն Ափրիկեանի։ Սենարիոն պատրաստուած է Ափրիկեանի եւ Ժան Պլէզ Ճիանի աշխատակցութեամբ, իսկ պատկերազարդ գծագրութիւնները՝ Քիիւնկէն Փարքի կողմէ։
Այս գիրքը պատմութիւնը չէ միայն գծագրուած ձեւով հայոց ցեղասպանութեան, այլ կ՛ընդգրկէ նաեւ շատ ամփոփ ձեւով հայոց պատմութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ եւ վերջ։ Հոն կը գտնենք հետաքրքրական քարտէսներ, փաստաթուղթեր, արեւմտեան Հայաստանի գաւառներու վիճակը եւ ընկերային կեանքը։
Ապսպրուած գիրքերը ամբողջութեսմբ վաճառուեցան եւ մակագրուեցան հեղինակին կողմէ։