Ուրբաթ, 27 Մարտ 2015-ին, Համազգային Փարիզի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ՝ Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, Վարուժան Աւետիսեան (édition Thadée) եւ պատմաբան Թալին Տէր Մինասեան ներկայացուցին «L’immortelle de Trébizonde» գիրքը՝ տպուած 1930-ին ( Ալպէն Միշէլ հրատարակչատան կողմէ) եւ վերատպուած 2015- ին, Թատէ հրատարակչատան կողմէ:
Հեղինակը՝ Paule Henry Bordeaux, 1920-ական թուականերուն ապրած է Լիբանան և Սուրիա, ուր հայրը՝ Henry Bordeaux (académicien), ուղարկոած էր միջին արեւելք Ֆրանսական կառավարութեան կողմէ: Այդ տարիներուն աղջիկը՝ Paule Henry Bordeaux, հազիւ 19 տարեկան երիտասարդուհի, մեծ հետաքրքրութեամբ ուսումնասիրած է շրջանի քաղաքական եւ ընկերային հարցերը, հանդիպած է Տէր Զօրի մէջ Հայ գաղթականերու, ճշգրիտ ձեւով նկարագրած է գաղթը եւ ցեղասպանական միջոցները, ուսումնասիրած է Անատոլուի ժողովուրդներու վիճակը եւ մասնաւորաբար Համշէնի բնակիչներու կեանքը:
Վէպը կը պատմէ հայուհի Անթառամի բռնի ամուսնութիւնը Քիւրտ Պէկի մը հետ: Պատմուածքը լոյս տեսած է թերթոնի ձեւով ֆրանսական Le Figaro թերթին մէջ եւ լաւ ընկալուած է ֆրանսացի ընթերցողին կողմէ:
Թատէ հրատարակչատան տնօրէն Վարուժան Աւետիսեան բացատրեց գրքի գրական արժէքը, արեւելասէր 19-րդ դարու orientaliste շարժումի ազդզեցութիւնը:
Թալին Տէր Մինասեան պատմաբանի ակնոցով խօսեցաւ գրքի այժմէականութեան մասին, ան յիշեցուց թէ այդ օրերուն Եւրոպան որքան հետաքրքրոած էր Հայկական հարցով, հետաքրքրութիւն մը, որ նուազեցաւ Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք:
Ձեռնարկի աւարտին Վարուժան Աւետիսեան եւ Թալին Տէր Մինասեան մակագրեցին գիրքը: