Երկուշաբթի, 18 Յունուար 2016-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ, ցուցադրուեցաւ Քորէացի Լիանկ Քիմի վաւերագրական ժապաւէնը, նկարուած 2013 եւ 2014-ի տարիներուն, Հայաստանի սահմանային գիւղերուն մէջ :
Հարիւրէ աւելի հանդիսատեսներ դիտեցին այս ժապաւէնը որ կը ներկայացնէ սահմանային փակ շրջաներու մէջ ապրող ժողովուրդի դժուար պայմաները եւ անհատներուն հողին կառչած մնալը, հակառակ սահմանային պայթուցիկ վիճակին:
Բեմադիրը կ'ուզէ շեշտել այս հարցին համաշխարհային նկարագիրը, այսինքն՝ պարտադրուած պատերազմի ազդեցութիւնը առօրեայ կեանքերուն վրայ:
Գեղեցիկ նկարահանուած, ազդեցիկ պատկերներով ֆիլմը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ :