
Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2022-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ Համազգայինը կը ներկայացնէր ֆրանսերէն թարգմանութիւնը Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց» վէպին:
Երեկոն յատկացուած էր Արփիար Արփիարեանի, Ժան Բիէր Քիպարեանի վերջին ուսումնասիրութեան նիւթը դարձած «Կարմիր Ժամուց» վէպով:
Արփիար Արփիարեանի գրական յատուկ իրապաշտ գործն ու ոճը, անոր ազգային օժանդակ աշխատանքը տարբեր մամուլներու՝ Կ. Պոլսոյ կամ Թիֆլիսի մէջ, իր անձնական կորովն ու յատուկ նկարագիրը ներկայացուց Արա Գրիգորեանը՝ բացատրելով, թէ ի՛նչպէս Արփիարեան մօտեցաւ եւ մաս կազմեց հնչակեան կուսակցութեան, որ նաեւ վերջ դրաւ իր կեանքին Գահիրէի մէջ:
Բայց օրուան նիւթը հեղինակը չէր, այլ «Կարմիր Ժամուց»-ի բուն տիպարն էր՝ Տէր Յուսիկը, որ իր հեռու Հայաստանէն, Տոմուզ գիւղէն նոր հասած Պոլիս, ձայնը ձգած կ'երգէր ու ծէսը կը վարէր Օրթագիւղի եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ շատ անտեղի եւ նոյնիսկ վտանգաւոր կը գտնէր տեղւոյն Ամիրան: Տէր Յուսիկի երգելու ոճը կղերականէ աւելի իսկական մարտահրաւէր էր ապստամբութեան:
«Կարմիր Ժամուց» վէպը ամբողջութեամբ դարձաւ Տէր Յուսիկի կեանքի վկայութեան մասը: Վէպը մեզ ճանչցուց Տէր Յուսիկը, որ հեգնանքով կը կոչուէր Ղարիպ տէրտէր: Բայց զուգահեռաբար Քիպարեանի կատարած ուսումնասիրութիւնները մեզի ներկայացուցին Տէր Վռամշապուհ Քիպարեանը, որ Փարիզ ժամանեց 1899-ին եւ դարձաւ Փարիզի Մայր եկեղեցւոյ առաջին Արքեպիսկոպոսը:
Ի՞նչն էր կապը «Կարմիր Ժամուց»-ի Ղարիպ տէրտէրին, որ իր հեռու Տոմուզ գիւղէն հասած Օրթագիւղ ամէնուն ուշադրութիւնը գրաւած էր իր գեղջկական կերպարով ու ազատութեան համոզումներով եւ Փարիզի Մայր Տաճարի հիմնադիր՝ Արքեպիսկոպոս Վռամշապուհ Քիպարեան Արջուկենցի հետ:
Rouge Offrande-ը «Կարմիր Ժամուց»-ի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը չէ միայն: Գիրքը կը պարունակէ երկրորդ մաս մը՝ գրուած Ժան Բիէր Քիպարեանի կողմէ, ուր ան կը բացատրէ, թէ ի՛նչպէս այս պարզ քահանան, կորսնցուցած իր կինը, հինգ զաւակներէն մէկ քանին ետեւ ձգելով հասած էր Փարիզ եւ դարձած Փարիզի հայ գաղութի առաջին Արքեպիսկոպոսը: Բայց Տէր Յուսիկի կեանքի կապը հոս չի կենար, այլ կը շարունակուի, որովհետեւ Ժան Բիէր Քիպարեանը, որ մեզի կը ներկայացնէր Ղարիպ տէրտէրը, կը խօսէր իր մեծ հօր մասին: Ինքն էր, որ Արքեպիսկոպոսին նամակները եւ անձնական գրութիւնները ժառանգած կը շարունակէր կեանքի բերել Տէր Յուսիկը եւ հաստատել Արքեպիսկոպոսին կեանքի ճանապարհը: Իր աշխատանքով թոռնիկը ոչ միայն կեանք տուած է «Կարմիր Ժամուց» վէպի Ղարիպ տէրտէրին, այլ հաստատած էր այս օրինակով, որ ջարդէն ետք հայութեան կեանքը կը շարունակուի, բոլորովին տարբեր, բայց հաստատ ուղիներով:
Հետաքրքրական է, թէ ի՛նչպէս վէպը դարձաւ կեանք, եւ կեանքը միացաւ հեքիաթի, հեքիաթային կեանքի:
Ներկաներս դժուարութեամբ հրաժեշտ տուինք այդ իրիկուն եւ կարծես մենք ալ այդ հեքիաթին մաս կազմեցինք: