7 Մարտ 2015-ին, Կլենվիուի (Իլինոյ) Հայ Կեդրոնի «Շահնազարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի պատրաստած «The Martyred Armenian Writers 1915-1922» գիրքին ներկայացումը: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, Շիքակոյի «Համազգային»ի կողմէ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն ընթացքին երիտասարդ քանի մը ընթերցողներ ներկայացուցին կարգ մը բաժիններ:
Օրուան հանդիսավարն էր Թալին Արթինեանը, որ բեմ հրաւիրեց Շիքակոյի «Համազգային»ի ատենապետ Ռիթա Առաքելեանը, ներկայացնելու բացման խօսքը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որուն մասին շնորհաւորական լսատեսողական պատրաստութիւն մը կատարած էր Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Ներկաները կրցան ըմբոշխնել այս շնորհաւորական պատրաստութիւնը:
Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան շեշտեց թէ, այս գրողները իրենց գագաթի օրերուն մէջ կը գտնուէին ձերբակալուած եւ ապա՝ սպաննուած: