
Արեգ Լուսինեան
Ծնած է 20 Մարտ 1935-ին, Ախալցխա, Վրաստան: 1956-ին աւարտած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի ստեղծագործական բաժինը, իսկ 1961-ին՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը: 1966-ին զուգահեռաբար կ՚ընդունուի Հայաստանի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երաժշտահաններու եւ երաժշտագէտներու միութիւններու իբրեւ անդամ: 1962-1964 իբրեւ դասախօս պաշտօնավարած է Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, իսկ 1971-էն ի վեր կը դասախօսէ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական համալսարանին մէջ, ուր 2005-ին արժանացած է փրոֆեսէօրի կոչման: Արեգ Լուսինեանի ստեղծագործական բազմահարուստ վաստակը կը ներառէ՝ -Երկու համանուագներ՝ «Համանուագ թիւ 1» եւ «Համանուագ-ռիքուեմ»: -«Միշտ քեզ հետ» օփերեթ: -Վոքալ-սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններ: -Դաշնակի ստեղծագործութիւններ՝ «Նազանքով պար» երկու դաշնակի համար, «Երիտասարդական պար», դաշնակի շարքեր՝ «Փոքրիկ պատկերներ», «Կրկէս», «Աշխարհի ժողովուրդներու պարեր»…: Բազմաթիւ առանձին մանրանուագներ, խուսանուագներ, մանկական եւ հայրենասիրական երգերու դաշնակի պատշաճեցումներ: -Երգեր, խմբերգներ, զուգերգներ, մեներգներ, ռոմանսներ եւ հոգեւոր երգեր՝ հանրածանօթ հայ բանաստեղծներու խօսքերով: -«Հայրենեաց տաղարան» հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու մշակումներ: -Դպրոցականներու եւ պատանիներու համար բազմաթիւ երգեր: -Մանկապատանեկան օփերաներ՝ «Ուլիկը», «Ծիտը», «Երկինքը փուլ է գալիս»: Արեգ Լուսինեան Շուշիի «Վարանդա» եւ Լիբանանի «Կարկաչ» երգչախումբերուն համար ստեղծագործած է բազմաթիւ երգեր: