
Արշակ Խաչատուր Գոլըստըն (1912-2008)
Արշակ Գոլըստըն ծնած է Պարսկաստանի Չարմահալ շրջանի Լիւասիան գիւղը 16 Փետրուար 1912 թուականին:
Ան եղած է ընտանիքի երիցագոյն զաւակներէն մէկը, ունենալով երեք եղբայր եւ երկու քոյր:
Ա. Գոլըստընի կեանքը անցած է մեծ վերիվայրումներով ու դժուարութիւններով. տակաւին մանուկ՝ ութ տարեկան, վեց ամիս հօրը մօտ Պասրա քաղաքը անցընելէ ետք, կը ղրկուի Հնդկաստանի Մարդասիրական Ճեմարանը(Կալկադա), իբրեւ գիշերօթիկի աշակերտ:
Ճեմարանի կրթական հիանալի մթնոլորտին մէջ, ուսման կողքին կերտուած է իսկական մարդը Ա. Գոլըստընի մէջ: Ան եղած է փայլուն աշակերտ ու յարգուած մարզիկ եւ խլած առաջնութիւններ կրթական ու մարզական կեանքի ընթացքին:
Ճեմարանական կեանքի աւարտէն ետք, ան տիրացած է համալսարանական ուսման, միաժամանակ որոշ շրջան մը զբաղած է ուսուցչութեամբ: Եղած է նաեւ հայկական մարզական ակումբին քարտուղարը:
1937-ին Սինկափուրի մէջ աշխատած է «Էտկար» առեւտրական ընկերութեան մէջ:
Բ. աշխարհամարտին մաս կազմած է կամաւորական գունդերու եւ ռմբակոծումներու ընթացքին վիրաւորուած է եւ գերի բռնուելով ապրած է երեքուկէս տարի գերութեան մէջ:
1945-ին գերութենէ ազատուելէ ետք նաւով ուղեւորութիւն մը ունեցած է դէպի Անգլիա եւ ապա վերադարձած ու վերահաստատուած է Սինկափուր, ուր կարգ մը ընկերութիւններու մէջ աշխատելէ ետք, հաստատած է իր առեւտրական անձնական գործը 1957-ին. նոյն տարին նաեւ Կալկաթայի մէջ ամուսնացած է իր կեանքի ընկերուհիին՝ Տիկին Սօֆիին հետ:
Իր ստեղծած ընկերութիւնը արագօրէն բարգաւաճած է եւ Ա. Գոլըստըն հասած է մեծ յաջողութիւններու առեւտրական գործերու մէջ:
1980-ական թուականներուն Գոլըստըն հաստատուած է Սիտնի:
Իր բարեսիրական կեցուածքին ու հայրենանուէր ոգիին շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իրեն Կիլիկեան Իշխանի ու Իշխանուհիի շքանշանները եւ աւելի ուշ, իբրեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. շնորհած է Կաթողիկոսական Կոնդակ:
Կենսագրական այս հարուստ անցեալի կողքին Ա. Գոլըստըն իր առաջին պարտականութիւնը սեպած է առատաձեռնօրէն տալ իր ազգին իր կարելին, եւ իր իշխանական նուիրատուութիւններով Սիտնիի մէջ գոյութիւն ունին ու կը գործեն Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գոլըստըն Ճեմարանը եւ Աւստրալահայ ընկերակցութեան կեդրոնը:
Երբ Աւստրալիոյ մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարանի մը կարիքը զգացուեցաւ, համազգայնականներ դիմեցին Ա. Գոլըստընին խնդրելով որ իր նիւթական ներդրումը ունենայ դպրոցի մը կառուցման: «Գաղափարը սրտիս շատ խօսեցաւ, որովհետեւ ես հայկական վարժարան աւարտած եմ եւ շատ լաւ գիտեմ հայկական դպրոցի դերն ու կարեւորութիւնը նոր սերունդի հայապահպանման համար»,- յայտնեց Ա. Գոլըստըն. ան առանց վարանելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց քառորդ միլիոն տոլարով օժանդակելու այս նպատակին: Աշխատանքը սկսաւ, կազմուեցան յանձնախումբեր, հրապարակուեցան յայտարարութիւններ ժողովուրդին մասնակցութիւնը ապահովելու համար, առնուեցան Անկախ Դպրոցներու Ընկերակցութեան արտօնութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի դպրոց կառուցման արտօնութիւնը, եւ այսպէս իրականութեան վերածուեցաւ հայկական վարժարանի գոյութեան հաւատացող բազմահազար նուիրեալներու երազը: Ա. Գոլըստըն մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը անմիջական կապի մէջ էր դպրոցի տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան հետ ու անհրաժեշտութեան պարագային իր կարծիքներով օգտակար կը դառնար հիմնական որոշումներ կայացնելու ընթացքին:
Ա. Գոլըստընի նուիրատուութիւնները ՀԱՍԳ Ճեմարանին հասան աւելի քան երկու միլիոն տոլարի: Ան այդ բոլորը ըրած է սիրով ու համոզումով, որովհետեւ խոր հաւատք ունէր հայապահպանման գործին նկատմամբ: Հայկական դպրութեան ամարապնդման ի խնդիր իր կատարած իշխանական նուիրատուութիւններուն համար, 20 Մարտ 2003-ին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ա. Գոլըստընը պատուեց Համազգայինի շքանշանով:
Ա. Գոլըստըն կը մանանայ 9 Օգոստոս, 2008-ին, Սիտնիի մէջ: