
Արշաւիր Գազանճեան (1922-2013)
Ծնած էր Գոնիա, 1 Մարտ 1922-ին: Գաղթած է Աթէնք ընտանիքով եւ հաստատուած Ֆիքսի գաղթակայանը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆիքսի ազգային վարժարանին մէջ: Շատ կանուխէն ի յայտ եկած է Արշաւիրի սէրը հայկական թատրոնին հանդէպ, նախ իբրեւ դերասան, ապա բեմադրիչ, բայց նաեւ դերուսոյց, բեմայարդար, զգեստաւորող եւ թատրոնի ներկայացումներու ամէն տեսակի մասնագիտութեամբ: Իր ուսումը շարունակած է Աթէնքի «Ղեւոնդեան» ֆրանսական լիկէոնը: Բացի թատրոնէն՝ Արշաւիր նոյն բուռն սէրը ունեցած է նաեւ երաժշտութեան հանդէպ: Հետեւած է դասընթացքներու եւ սկսած է աքորտէոն նուագել: Հիմնած է «Տաւիղ», ապա նաեւ «Կոմիտաս» նուագախումբերը: Ղեկավարած ու բեմադրած է շատ յաջող ժողովրդային օփերէթներ: 1947էն սկսեալ ստանձնած է Համազգայինի թատերախումբին ղեկավարութիւնը, իբրեւ բեմադրիչ, դերուսոյց եւ դիմայարդար, առանց ընդհատումի 70 տարի մասնակցելով յունահայ գեղարուեստական կեանքին: Թատրոնի հանդէպ իր անսակարկ ծառայութեան համար, 2003-ին իր անունով կոչուեցաւ Համազգայինի Յունաստանի թատերախումբը: Արշաւիր Գազանճեան կը մահանայ Նոյեմբեր 2013-ին: