
Գրիգոր Շահինեան (1930-2009)
Ծնած է Պէյրութ: Աւարտած է Համազգայինի Ճեմարանը, ապա մասնագիտացած է մանկավարժութեան եւ գրականութեան մէջ Պրիւքսէլի Ազատ համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է Պսակաւոր արուեստներու, ապա 1956-ին նաեւ Ուսուցչական աստիճան: Շահան Շահնուրի ստեղծագործութիւնը ուսումնասիրող տոքթորական աւարտաճառ պաշտպանած է 1979-ին Փարիզի Սորպոն համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ, իսկ 1994-ին՝ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: 1950-էն սկսեալ երկար տարիներ դասաւանդած է Ճեմարանի մէջ, նաեւ՝ Ֆրեռներու դպրոցին, Հայկազեան Գոլէճին եւ Զարեհեան դպրեվանքին մէջ: 1970-1994 Ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է Լիբանանի պետական համալսարանը: 1990-ականներուն արեւմտահայ գրականութեան եւ գլխաւորաբար Լեւոն Շանթի գրականութեան մասին կարճ դասընթացներ վարած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանին, Արցախի պետական համալսարանին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասեր՝ Վենետիկի ամառնային դասընթացներու ծիրէն ներս: 1987-ին հիմնադրած եւ մինչեւ 2007 ղեկավարած է Անթիլիասի Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնը: Աշխատակցած է բազմաթիւ հայկական օրաթերթերու եւ գրական հանդէսներու: 1966-ին հիմնադրած եւ ղեկավարած է «Ահեկան» մշակութային հանդէսը: Հրապարակած է բազմաթիւ գրականագիտական յօդուածներ: Հեղինակ է Լեւոն Շանթի, Գուրգէն Մահարիի, Շահան Շահնուրի, Համաստեղի գրականութեան նուիրուած մենագրութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ գրականութիւնը Ֆրանսերէնով ներկայացնող «Panorama de la literature armenienne» ու «Oeuvres vives de la literature armenienne» եւ յուշերու հատընտիր «Վերաքաղ» հատորներուն: Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գործունեայ անդամ էր: Իր ղեկավարած Շրջանային Վարչութեան կազմի օրով եւ իր նուիրուած ու խանդավառ ճիգերուն շնորհիւ հիմնադրուած է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը: Ան իր մահկանացուն կնքեց Պէյրութի մէջ, 15 Փետրուար 2009ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: