
Դանիէլ Վարուժան (1884-1915)
Հայ բանաստեղծութեան անգերազանցելի գագաթներէն մէկը։ Ծնած է Սեբաստիոյ Բրգնիկ գիւղը, 1884-ին։ 1896-ին կը յաճախէ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը։ 1902-ին կը փոխադրուի Վենետիկ՝ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարան, զոր կ՚աւարտէ 1905-ին։ Կանտի (Պելճիքա) համալսարանին մէջ կը հետեւի քաղաքական եւ ընկերային գիտութեանց։ 1909-ին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը նուիրուի ուսուցչութեան։ Քնարերգակ եւ դիւցազներգակ բանաստեղծ՝ Վարուժան երգած է Հայաստանի սէրն ու փառքերը, բնութիւնը, ժողովուրդի տառապանքը, հայ յեղափոխութիւնն ու անոր մարտիկները։ Ուժականութիւնն ու տպաւորիչ պատկերներու յաջորդականութիւնը յատկանիշներն են իր քերթողական հարուստ արուեստին։ «Սարսուռներ»ը, բայց մանաւանդ «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր»ն ու «Հացին երգը» հայ բանաստեղծութեան գլուխ-գործոցներ են տուած։ Վարուժան սպաննուեցաւ 23 Օգոստոս 1915-ին, Մեծ Եղեռնի ընթացքին։