
Զապէլ Եսայեան (1878-1943)
Ծնած է Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը, 1878-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի հայկական դպրոցը։ 1895-ին կը մեկնի Փարիզ ու կը հետեւի Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն։ Փարիզի մէջ կ՚աշխատակցի ֆրանսական մամուլին՝ «Մերքիւրի տը ֆրանս«, «Իւմանիթէ», եւայլն։ 1908-ին կը վերադառնայ Պոլիս, կը մասնակցի գրական կեանքին, աշխատակցելով տասէ աւելի թերթերու։ 1909-ին, Կիլիկիոյ կոտորածներէն ետք, կը մեկնի Ատանա, կ՚ուսումնասիրէ աղէտին հետեւանքները ու Պոլիս վերադառնալով կը հրատարակէ «Աւերակներու մէջ» հատորը։ 1915-ին, Մեծ եղեռնէն կը փրկուի անցնելով Պուլկարիա, ապա՝ Կովկաս։ Զապէլ Եսայեան եղած է Պարսկաստան, ուրկէ մեկնած է Պոլիս, Վիեննա, եւայլն։ 1927-ին կ՚այցելէ Սովետական հայաստան ու վերադառնալով Ֆրանսա կը հրատարակէ «Պրոմիթէոս ազատագրուած» գիրքը։ 1933-ին, կառավարութեան հրաւէրով կ՚երթայ Հայաստան եւ Պետական Համալսարանի մէջ կը դասաւանդէ արեւմտաեւրոպական գրականութիւն։ 1937-ին կ՚աքսորուի ու կը մեռնի աքսորի մէջ, 1943-ին։ Զ. Եսայեանի գործերէն են՝ «Կեղծ Հանճարներ», «Սկիւտարի Վերջալոյսներ», «Շնորհքով Մարդիկ», «Սպասման սրահին մէջ», «Անձկութեան Ժամեր», «Վերջին Բաժակ», «Հոգիս Աքսորեալ», «Երբ այլեւս չեն սիրեր», եւայլն։